Միջազգային

Փութին. «Իրանի, Ամերիկայի Եւ Թուրքիոյ Հետ  Գործակցութեան Շնորհիւ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Մէջ  Շօշափելի Յառաջդիմութիւն Արձանագրուեցաւ»

Փութին. «Իրանի, Ամերիկայի Եւ Թուրքիոյ Հետ Գործակցութեան Շնորհիւ Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Մէջ Շօշափելի Յառաջդիմութիւն Արձանագրուեցաւ»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Գործընկերներու հետ, որոնց կարգին Իրանի, Ամերիկայի, Թուրքիոյ եւ այլ պետութիւններու հետ գործակցութեան շնորհիւ Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ շօշափելի յառաջդիմութիւն արձանագրուեցաւ»: «Սուրիոյ տագնապի լուծման մէջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական խոր համակարգում տեղի կ՛ունենայ», նշեց Փութին:

«Մոսկուա Սուրիայէն Իրանի Հեռացումը  Կը Նկատէ Անիրագործելի»  Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Մոսկուա Սուրիայէն Իրանի Հեռացումը Կը Նկատէ Անիրագործելի» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ Հելսինքիի վեհաժողովի ընթացքին գոյացած փոխըմբռնումներու քննարկման համար Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ հիւլէական զէնքի տարածման արգիլման, Սուրիոյ եւ Ուքրանիոյ հարցերուն մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրուած է, սակայն ամերիկեան նախագահական ընտրութիւններուն Ռուսիոյ միջամտութեան հարցով համաձայնութիւն չէ գոյացած: «Իրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներուն հարցին չանդրադարձանք, սակայն...

Պոլթըն. «Թրքական Լիրայի Փոխարժէքը  Պիտի Վերականգնի Միայն Պատուելի  Պրանսընը Ազատ Արձակելու Պարագային»

Պոլթըն. «Թրքական Լիրայի Փոխարժէքը Պիտի Վերականգնի Միայն Պատուելի Պրանսընը Ազատ Արձակելու Պարագային»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, թէ թրքական լիրայի փոխարժէքը պիտի վերականգնի միայն այն ժամանակ, երբ Թուրքիան ազատ արձակէ կալանքի տակ գտնուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսընը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Եթէ Պրանսըն ազատ արձակուի առանց նախապայմանի` ճգնաժամը անմիջապէս կը կարգաւորուի», ըսած է Պոլթըն: Յիշեցնենք, որ Անգարա Պրանսընը կը մեղադրէ իսլամական...

Սուրիական Բանակէն Յաւելեալ Ուժեր Հասած Են  Իտլիպի Եւ Լաթաքիոյ Գիւղական Շրջանի Ճակատ

Սուրիական Բանակէն Յաւելեալ Ուժեր Հասած Են Իտլիպի Եւ Լաթաքիոյ Գիւղական Շրջանի Ճակատ

«Նաշրա» կայքը հաղորդեց, որ սուրիական բանակէն յաւելեալ ուժեր հասած են հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Իտլիպի եւ Լաթաքիոյ գիւղական շրջանի ճակատ` աւելցնելով, որ նշեալ շրջաններ տեղափոխուած են բազմափող հրթիռային համակարգեր, ծանր գնդացիրներ, սուրիական բանակի «4-րդ խումբ»-էն զօրամասեր եւ սուրիական բանակի դաշնակից ուժեր: «Նաշրա» աւելցուց, որ ներկայիս պատրաստութիւն կը տեսնուի Իտլիպի մերձակայքին մէջ զինուորական գործողութեան մը` սպասելով Ժապհաթ Նուսրան մնացեալ զինեալ խմբաւորումներէն անջատելու...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Շարունակէ Յուսալ,  Որ Ամերիկան Կը Ճանչնայ Կոլանի Վրայ  Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Շարունակէ Յուսալ, Որ Ամերիկան Կը Ճանչնայ Կոլանի Վրայ Իսրայէլի Գերիշխանութիւնը»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթընի այն յայտարարութեան, թէ Ուաշինկթըն Կոլանի բարձունքին վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան հարցը չի քննարկեր, յայտնեց. «Իսրայէլ կը շարունակէ յուսալ, որ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան Կոլանի բարձունքին վրայ իր գերիշխանութիւնը»: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Իսրայէլ դադրա՞ծ է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Կոլանի վրայ իր գերիշխանութեան ճանաչումը ակնկալելէ, ըսաւ. «Արդեօք կարելի՞...

«Թոթալ» Պաշտօնապէս Հեռացաւ  Իրանի Մէջ Ծրագիրէ Մը

«Թոթալ» Պաշտօնապէս Հեռացաւ Իրանի Մէջ Ծրագիրէ Մը

Իրանի ուժանիւթի նախարար Պիժան Նեմտարզանքանէ յայտարարեց. «Ֆրանսական «Թոթալ» քարիւղի հսկայ ընկերութիւնը պաշտօնապէս հեռացաւ Իրանի հարաւային Պարս դաշտի 11-րդ հանգրուանէն»: Ան աւելցուց, որ այդ առիթով ընկերութեան կատարած յայտարարութենէն անցած է աւելի քան երկու ամիս:

«ՄԱԿ-ի Քարտուղարութիւնը Գաղտնի Հրահանգով  Արգիլած Է Մասնակցիլ Սուրիոյ Տնտեսութեան  Վերականգնման Ուղղուած Նախագիծերուն»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«ՄԱԿ-ի Քարտուղարութիւնը Գաղտնի Հրահանգով Արգիլած Է Մասնակցիլ Սուրիոյ Տնտեսութեան Վերականգնման Ուղղուած Նախագիծերուն» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, թէ ՄԱԿ-ի քարտուղարութիւնը գաղտնի հրահանգով արգիլած է կազմակերպութեան կառոյցներուն մասնակցիլ Սուրիոյ տնտեսութեան վերականգնման ուղղուած նախագիծերուն, մինչեւ երկրին մէջ չիրականանայ քաղաքական անցում: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Անկախ տեղահանուածներու նիւթէն, մենք ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գրասենեակին մէջ հետաքրքրուեցանք, թէ իրենք ինչպէ՛ս կը մտադրեն իրականութիւն դարձնել Փալմիրի վերականգնման համար իրենց կարողականութիւնը օգտագործելու վաղեմի բանակցութիւնները: ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի...

Ուաշինկթըն Մերժած Է Թուրքիոյ Առաջարկը.  «Տնտեսական Ճնշումներու Նպատակը Թուրքիան  Եւ Թուրք Ժողովուրդը Ծունկի Բերելն Է»  Կ՛ըսէ Էրտողան

Ուաշինկթըն Մերժած Է Թուրքիոյ Առաջարկը. «Տնտեսական Ճնշումներու Նպատակը Թուրքիան Եւ Թուրք Ժողովուրդը Ծունկի Բերելն Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, անդրադառնալով երկրին մէջ շարունակուող տնտեսական ճգնաժամին, յայտարարած է, թէ արտաքին ուժերը այս ձեւով կ՛ուզեն «ծունկի բերել» թուրք ժողովուրդը: Այս մասին կը հաղորդէ «Թի.24» կայքը: Թուրքիոյ նախագահը նաեւ շեշտած է, որ ատիկա «պարզապէս յարձակում է թրքական դրօշին դէմ»: «Անոնց նպատակն է ծունկի բերել Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը, պատանդ պահել զանոնք», ըսած է Էրտողան` Ատհայի տօնին առիթով...

«Հինգշաբթի Օր Փեթրուշեւի Հետ  Պիտի Ունենամ  Հանդիպում Մը` Քննարկելու Համար  Սուրիոյ Կացութիւնը»  Ըսաւ Պոլթըն

«Հինգշաբթի Օր Փեթրուշեւի Հետ Պիտի Ունենամ Հանդիպում Մը` Քննարկելու Համար Սուրիոյ Կացութիւնը» Ըսաւ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդատու Ճոն Պոլթըն յայտարարեց. «Յառաջիկայ հինգշաբթի օր հանդիպում պիտի ունենամ Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան քարտուղար Նիքոլայ Փեթրուշեւի հետ` քննարկելու համար Սուրիոյ մէջ կացութիւնն ու այլ հարցեր»: «Այս հարցը քննարկեցի պաշտպանութեան նախարար Ճէյմս Մաթիսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ, եւ համաձայնեցանք, որ հինգշաբթի օր Փեթրուշեւի հետ հանդիպումին ընթացքին կրնանք քննարկել մեծաթիւ հարցեր, որոնց շուրջ...

Թուրքիոյ Մէջ Յարձակում  Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Դէմ

Թուրքիոյ Մէջ Յարձակում Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատան Դէմ

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ քանի մը կրակոց արձակուած է Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»` աւելցնելով, որ փամփուշտներէն մէկը դպած է անվտանգութեան անցակէտի պատուհանին: Միջադէպին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Թրքական ոստիկանութենէն յայտնած են, թէ միջադէպը տեղի ունեցած է առաւօտեան ժամը 5:00-ին: Կրակոցները արձակողները գտնուած են սպիտակ ինքնաշարժի մը մէջ, որով ալ դիմած են փախուստի: Ոստիկանութիւնը անյայտ...

«ԵՏՄ-ի Անդամ Կրնայ Դառնալ Որեւէ Երկիր,  Որ Կը Կիսէ Կազմակերպութեան Սկզբունքները»  Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

«ԵՏՄ-ի Անդամ Կրնայ Դառնալ Որեւէ Երկիր, Որ Կը Կիսէ Կազմակերպութեան Սկզբունքները» Կ՛ըսէ Պաքուի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանը

Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամ կրնայ դառնալ որեւէ պետութիւն, որ կը կիսէ կազմակերպութեան սկզբունքներն ու նպատակները: Այս մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Միխայիլ Պոչառնիքով` շեշտելով, որ նոր անդամի ներգրաւումը տեղի կ՛ունենայ ԵՏՄ-ի բոլոր անդամներուն համաձայնութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Դեսպանը նշած է, թէ կարեւոր է, որ ԵՏՄ-ի անդամ դառնալու հետաքրքրութիւն ցուցաբերող երկիրը ինչպէ՞ս կը տեսնէ...

Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Հակազդէ Թուրքիան  ՕԹԱՆ-էն Արտաքսելու Մասին  Պեռնար Հանրի Լեւիի Յօդուածին

Թուրքիոյ Դեսպանը Կը Հակազդէ Թուրքիան ՕԹԱՆ-էն Արտաքսելու Մասին Պեռնար Հանրի Լեւիի Յօդուածին

Միացեալ Նահանգներու մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սերտար Քըլըճ հակազդեց յօդուածի մը, որուն նպատակը, իր խօսքով` ՕԹԱՆ-ին մէջ Թուրքիոյ կատարած ներդրումները նսեմացնելն է: Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հրապարակած էր ֆրանսացի մտաւորական Պեռնար Հանրի Լեւիի յօդուածը, որ կոչ կ՛ուղղէր Թուրքիան ՕԹԱՆ-էն արտաքսելու: Թուրքիոյ դեսպանը քննադատեց Լեւին անճիշդ կերպով պնդելուն համար, թէ Թուրքիան անվստահելի է իբրեւ ՕԹԱՆ-ի դաշնակից: «Պրն. Լեւին Թուրքիան կ՛ամբաստանէ իսլամական...

Ըստ Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարութեան.  Թրքական Լիրայի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը  Յաւելեալ Վտանգ Կը Ներկայացնէ  Գերմանիոյ Տնտեսութեան Համար

Ըստ Գերմանիոյ Ելեւմուտքի Նախարարութեան. Թրքական Լիրայի Շուրջ Ստեղծուած Ճգնաժամը Յաւելեալ Վտանգ Կը Ներկայացնէ Գերմանիոյ Տնտեսութեան Համար

Թուրքիոյ ազգային դրամանիշին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամը յաւելեալ վտանգ կը ներկայացնէ Գերմանիոյ տնտեսութեան համար: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Գերմանիոյ ելեւմուտքի նախարարը: Լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ թրքական լիրան ընթացիկ տարուան մէջ ամերիկեան տոլարին դիմաց արժեզրկուած է 40 առ հարիւրով, ինչ որ Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններուն մէջ լրջագոյն դիւանագիտական վէճի հետեւանքն է: Կը նշուի, որ Գերմանիան...

Յունաստան Աւարտեց Միջազգային  Ելեւմտական Օժանդակութեան Ծրագիրը

Յունաստան Աւարտեց Միջազգային Ելեւմտական Օժանդակութեան Ծրագիրը

Յունաստան յաջողութեամբ աւարտած է արտաքին ելեւմտական օժանդակութեան երրորդ ծրագիրը եւ դուրս եկած օտարերկրեայ վարկատուներու արտաքին կառավարումէն, որուն տակ կը գտնուէր 2010-էն ի վեր: Այս մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», ըսուած է Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմի` Եւրոյի գօտիի կայունացման հիմնադրամի 20 օգոստոսին հրապարակած յայտարարութեան մէջ: «Յունաստանը պաշտօնապէս աւարտեց ելեւմտական օգնութեան իր եռամեայ ծրագիրը` յաջողութեամբ դուրս գալով (ծրագիրի գործողութենէն): Այսօր մենք կրնանք վստահօրէն...

Թուրքիոյ Մէջ Վերցուցած Են Գիրք Կարդացող  Աղջկան «Աթէիզմ Ջատագովող» Արձանը

Թուրքիոյ Մէջ Վերցուցած Են Գիրք Կարդացող Աղջկան «Աթէիզմ Ջատագովող» Արձանը

Թուրքիոյ Պուրսայի քաղաքապետարանին որոշումով` քաղաքէն վերցուած է գիրք կարդացող աղջկան արձանը: Պուրսայի քաղաքապետարանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ արձանը ստիպուած եղած են վերցնել, որովհետեւ աթէիզմ կը ջատագովէ:

Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Գերմանիոյ  Քաղաքացի Մը Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ Մէջ Դարձեալ Գերմանիոյ Քաղաքացի Մը Ձերբակալուած Է

Թուրքիոյ Էլիազըղ նահանգին մէջ ձերբակալուած է ազգութեամբ քիւրտ Գերմանիոյ քաղաքացի մը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը: 1992-էն ի վեր Գերմանիոյ Համպուրկ քաղաքը բնակող Իլհամ Ա.-ն Էլիազըղի Սարըպաշաք գիւղ այցելած է իր մայրը տեսնելու համար: Ձերբակալեալը արդէն կալանաւորուած է եւ կը մեղադրուի ահաբեկչամէտ քարոզչութիւն կատարելու յանցանքով: Ըստ աղբիւրին, մեղադրանքը առնչուած է Իլհամ Ա.-ի թրքական իշխանութեան դէմ կարծր քննադատութիւններու եւ...

ՄԱԿ-ի Նախկին Ընդհանուր  Քարտուղար Քոֆի Անան Մահացաւ

ՄԱԿ-ի Նախկին Ընդհանուր Քարտուղար Քոֆի Անան Մահացաւ

Շաբաթ օր իր մահկանացուն կնքեց ՄԱԿ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար, Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակակիր Քոֆի Անան: 80 տարեկան դիւանագէտը կը գտնուէր Զուիցերիոյ մայրաքաղաք Պեռնի մէկ հիւանդանոցը: Ան առաջին սեւամորթ ափրիկեցին էր, որ ստանձնեց աշխարհի աւագ դիւանագէտի պաշտօնը եւ պաշտօնավարեց երկու նստաշրջան` 1997-էն մինչեւ 2006: Անանի նստաշրջանը զուգադիպեցաւ Իրաքի պատերազմին եւ «Էյչ.Այ.Վի.»-ի համաճարակին: Հետագային ան վարեց Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի պաշտօնը:  

Ըստ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ի.  Թրամփ Հետաքրքրուած Է Աֆղանիստանի Մէջ  Ամերիկացի Զինուորները Վարձկաններով  Փոխարինելու Առաջարկով

Ըստ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ի. Թրամփ Հետաքրքրուած Է Աֆղանիստանի Մէջ Ամերիկացի Զինուորները Վարձկաններով Փոխարինելու Առաջարկով

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դարձեալ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է «Պլաքուոթըր» ընկերութեան հիմնադիր Էրիք Փրինսի` Աֆղանիստանի մէջ պատերազմը «սեփականաշնորհելու» մասին առաջարկով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էն.Պի.Սի.Նիուզ»-ը` վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի ներկայ եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնատարները: Աղբիւրներուն համաձայն, այս առաջարկը կ՛ենթադրէ Միացեալ Նահանգներու զօրքերը փոխարինել մասնաւոր զինուորական կապալառուներով, որոնք ուղղակիօրէն հաշուետու պիտի ըլլան նախագահին:  

Փեքին Կը Մերժէ Փենթակոնին Կողմէ Չինական Բանակին Ուղղուած Ամբաստանութիւնները  Եւ Զանոնք Կը Նկատէ Ենթադրութիւններ

Փեքին Կը Մերժէ Փենթակոնին Կողմէ Չինական Բանակին Ուղղուած Ամբաստանութիւնները Եւ Զանոնք Կը Նկատէ Ենթադրութիւններ

Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուց բողոքագիր մը` Փենթակոնի այն զեկուցումին մասին, ըստ որուն, չինական բանակը կը մարզուի Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն հարուած հասցնելու վրայ: Նախարարութիւնը նշեց, որ զեկուցումը պարզապէս ենթադրութիւն է` նշելով, որ Ուաշինկթըն սխալ մեկնաբանած է Չինաստանի ռազմավարական մտադրութիւնները եւ չափազանցած չինական զինուորական սպառնալիքը: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ զգուշացուցած էր չինական անջրպետի զինուորական ծրագիրէն, հակառակ անոր որ...

Թուրքիոյ Եւ Ֆրանսայի Ելեւմուտքի  Նախարարները Քննարկած Են Ամերիկեան  Պատժամիջոցներուն Հակազդելու Հարցը

Թուրքիոյ Եւ Ֆրանսայի Ելեւմուտքի Նախարարները Քննարկած Են Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Հակազդելու Հարցը

Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարար Պերաթ Ալպայրաք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է իր ֆրանսացի պաշտօնակից Պրիւնօ Լը Մերի հետ: Զրոյցի ընթացքին նախարարները քննարկած են ամերիկեան պատժամիջոցներուն հակազդելու հարցը, ինչպէս նաեւ համաձայնած 27 օգոստոսին հանդիպում ունենալ Փարիզի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան: «Մեր նախարարը բանակցութիւններ վարած է իր ֆրանսացի գործընկեր Պրիւնօ Լը Մերի հետ:...

Page 587 of 884 1 … 586 587 588 … 884

Արխիւներ