Մոսկուա բողոքագիր յղած է Ուաշինկթընին` Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն նկատմամբ միջազգային իրաւունքի խախտման առնչութեամբ: Այս մասին կ՛ըսուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վճռական բողոք յղած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան` դիւանագիտական խողովակներով համապատասխան բողոքագիր յղելով Միացեալ Նահանգներու տարածքին մէջ Ռուսիոյ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ հիւպատոսութիւններու նկատմամբ միջազգային արժեչափերու խախտման առնչութեամբ», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նախարարութեան մէջ նաեւ մանրամասնած են, որ ռուսական կողմը հարցին վերաբերեալ հրաւիրած է ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններու ուշադրութիւնը, որովհետեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրը դուրս է ռուս-ամերիկեան երկկողմ յարաբերութիւններու ծիրէն ու կը վերաբերի ամբողջ միջազգային ընտանիքին:
Յիշեցնենք, որ նախորդ ամիսներուն Միացեալ Նահանգները հակառուսական պատժամիջոցներու շրջանակին մէջ յայտարարած են շարք մը քաղաքներու մէջ Ռուսիոյ հիւպատոսութիւններու փակման մասին:



