Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Խստացման Օրինագիծը Հրապարակուած Է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Կայքին Վրայ

Օգոստոս 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու խստացման օրինագիծի բնագիրը, որ նախապէս ներկայացուցած էին խումբ մը ծերակուտականներ, հրապարակուած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի կայքին վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու ընդլայնման անհրաժեշտութեան վերաբերեալ ծերակուտականներու յայտարարութիւնը հրապարակուած է 2 օգոստոսին, սակայն օրինագիծին ամբողջական բնագիրը օրին չէր հրապարակուած:

Ամերիկացի ծերակուտականներու խումբը կ՛առաջարկէ պատժամիջոցներ սահմանել Ռուսիոյ պետական դրամատուներու եւ Ռուսիոյ պետական պարտատոմսերու նոր հրապարակումներուն դէմ: Այս մասին նշուած է «Էս.3336» օրինագիծին մէջ, որ կը կոչուի «ՕԹԱՆ-ի զօրեղացման, միջազգային համացանցային յանցագործութեան դէմ պայքարի եւ Ռուսիոյ դաշնութիւնը լրացուցիչ պատժամիջոցներու ենթարկելու մասին»:

Օրինագիծը առաջարկած են ծերակուտականներ Լինտսի Կրեմը, Պապ Մենենտեսը, Քորի Կարտնըրը, Պեն Քարտինը, Ճոն ՄքՔէյնը եւ Ճին Շահինը: Փաստաթուղթին մէջ կ՛առաջարկուի նոր սահմանափակումներ հաստատել Ռուսիոյ ելեւմտական հատուածին դէմ: Մասնաւորաբար, Միացեալ Նահանգներ հաստատուածներուն կ՛արգիլուի մասնակցիլ Ռուսիոյ պետական պարտքի առնչուած գործառնութիւններուն:  Արգելքը պիտի տարածուի բոլոր պետական պարտատոմսերուն, ինչպէս նաեւ 14 օրէն աւելի շրջանառութեան ժամկէտով ածանցեալ ելեւմտական միջոցներուն վրայ:

Բացի ատկէ, ծերակուտականները կ՛առաջարկեն Միացեալ Նահանգներու մէջ սահմանել «մէկ կամ քանի մը ելեւմտական հաստատութիւններու» գործառնութիւններու արգելք եւ սեփականութեան սառեցում:

 

Նախորդը

Չինական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ` Առեւտուրի Շուրջ Բանակցութիւններու Համար

Յաջորդը

Շուէտի Մէջ Մէկ Գիշերուան Մէջ 80 Ինքնաշարժներ Հրկիզած Անձերէն Մէկը Ձերբակալուած Է Թուրքիոյ Մէջ

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?