«Սքրիփալի Հարցով Ռուսիոյ Հասցէին Ուաշինկթընի Ամբաստանութիւնները Անհեթեթ Են» Կ՛ըսէ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Սքրիփալի հարցով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Ռուսիոյ հասցէին կատարած ամբաստանութիւնները անհեթեթ են: «Ինչ կը վերաբերի (ամերիկեան) արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած վերջին քայլին, կը կարծեմ ամէն մարդ, որ տեղեակ է Սքրիփալի հարցէն, կը հասկնայ անհեթեթութիւնը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական փաստաթուղթին մէջ նշուած պնդումին, թէ Միացեալ Նահանգներ փաստած են, թէ Ռուսիան...




















