Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Բարբարոսի Պէս Կը Վարուի Պիելոռուսիոյ Հետ, Սակայն Պիելոռուսերը Մոսկուայի Վասալները Չեն» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Օգոստոս 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռուսիան բարբարոսի պէս կը վարուի Պիելոռուսիոյ հետ, սակայն պիելոռուսերը Մոսկուայի վասալները չեն», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն` «անբարեխիղճ մրցակցութեան» եւ նոր վարկեր տալ մերժելու Մոսկուայի որոշումին լոյսին տակ: «Կազեթա» կը հաղորդէ, որ ռուսական կողմին մօտ ալ կուտակուած են Պիելոռուսիոյ դէմ բազմաթիւ հարցեր:

«Հիմա մեր մօտ ծանր ժամանակաշրջան է` ռուսերը բարբարոսի պէս կը վարուին մեզի հետ», յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահը «Կոմսելմաշ» ընկերութեան կատարած աշխատանքային այցելութեան ընթացքին:

«Մեզմէ կը պահանջեն բաներ, կարծես մենք անոնց վասալներն ենք», ըսած է Լուքաշենքոն:

Ան աւելցուցած է, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ ռուսերը «չեն ուզեր կատարել իրենց պարտաւորութիւնները», իսկ ատիկա «ոչ մրցակցային իրավիճակ» կը ստեղծէ:

Անոր համաձայն, Մոսկուան Ուաշինկթընն ու արեւմտեան երկիրները կը մեղադրէ «ոչ մրցակցային առաւելութեան» ստեղծման համար, հակառակ անոր որ ինք եւս Մինսքը այդպիսի պայմաններու մէջ կը պահէ:

Ան նշած է, որ կը պատրաստուի գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն մասին խօսիլ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

Ռուսիոյ Քաղաքական ճարտարագիտութիւններու կեդրոնի ընդհանուր տնօրէնի առաջին տեղակալ Ալեքսէյ Մաքարքին «Կազեթա»-ին յայտնած է, որ Մոսկուայի այդ դիրքորոշումը ունի իր բացատրութիւնը. Մոսկուան չի կարենար ներել Մինսքին, որ չէ ճանչցած Հարաւային Օսեթիոյ ու Աբխազիոյ անկախութիւնը եւ Խրիմի Ռուսիոյ միացումը: Մոսկուայի համար հաճելի չէ նաեւ Պիելոռուսիոյ կողմէ Եւրոպական Միութեան եւ Ուքրանիոյ հետ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացումը:

 

Նախորդը

«Սքրիփալի Հարցով Ռուսիոյ Հասցէին Ուաշինկթընի Ամբաստանութիւնները Անհեթեթ Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Չինական Պատուիրակութիւն Մը Պիտի Մեկնի Միացեալ Նահանգներ` Առեւտուրի Շուրջ Բանակցութիւններու Համար

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Փուլի Շուրջ Բանակցութիւնները Սկսան»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով`  «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին»  Յայտարարեց Թրամփ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Քնեսեթին Առջեւ Խօսք Արտասանելով` «Ասիկա Նոր Միջին Արեւելքի Պատմական Արշալոյսն Է. Բարեկամութեան Ձեռքը Երկարած Ենք Իրանին» Յայտարարեց Թրամփ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»
Միջազգային

Լըքորնիւ. «Նոր Կառավարութիւնը Կազմուեցաւ, Որպէսզի Երկիրը Տարեվերջէն Առաջ Ամավարկ Ունենայ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?