Միջազգային

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սատարել Ուքրանիոյ  Գերիշխանութեան  Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Թուրքիան Պիտի Շարունակէ Սատարել Ուքրանիոյ Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթր Փորոշենքոյին` երկրի անկախութեան օրուան առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը: Էրտողան իր ուղերձին մէջ նշած է. «Թուրքիոյ ռազմավարական գործընկերը եղող Ուքրանիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւնները օրէ-օր կը զարգանան բոլոր ոլորտներուն մէջ: Իսկ մեր ժողովուրդներուն միջեւ եղած պատմական կապը ա՛լ աւելի կը խորանայ: Թուրքիան պիտի շարունակէ սատարել Ուքրանիոյ...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու Ծերակոյտի հետախուզութեան հարցերով յանձնախումբի ղեկավար Ռիչըրտ Պերր «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ փաստացի ապացոյցներ չկան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախագահական ընտրութեան ընթացքին Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է: Ան նշած է, որ հետաքննութիւնը տեւած է 19 ամիս, սակայն չի կրնար ըսել, թէ երբ կ՛աւարտի: ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Վան Ի յայտարարեց, թէ իր...

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ  Հարաւային Օսեթիոյ Օժանդակել»

Փութին. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Հարաւային Օսեթիոյ Օժանդակել»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, թէ իր երկիրը պիտի շարունակէ Հարաւային Օսեթիոյ հանրապետութեան օժանդակել, յատկապէս ազգային անվտանգութեան մարզին մէջ: Ռուսիոյ կողմէ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութեան ճանաչման 10-ամեակին առիթով այդ երկրի ղեկավարութեան ու ժողովուրդին իր յղած ողջոյնի գիրին մէջ Փութին նշեց. «Ռուսիան գոհունակութեամբ կը նշմարէ այն ձեռքբերումները, որ Հարաւային Օսեթիան արձանագրեց իր պետութեան կառոյցներու հաստատման եւ ազգային բարգաւաճման տարբեր ոլորտներուն մէջ, եւ...

Մաքրոն Խոստացած Է Նոր Հարուածներ  Հասցնել Սուրիոյ, Եթէ Քիմիական Զէնք Գործածէ

Մաքրոն Խոստացած Է Նոր Հարուածներ Հասցնել Սուրիոյ, Եթէ Քիմիական Զէնք Գործածէ

Ֆրանսացի զինուորները պատրաստ պիտի ըլլան նոր հարուածներ հասցնելու Սուրիոյ` Դամասկոսի կողմէ քիմիական զէնքի կիրարկման նոր դէպքի պարագային: Այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն: «Մենք պիտի շարունակենք այսպէս գործել, եթէ տեսնենք քիմիական զէնքի կիրարկման հաստատուած նոր դէպքեր», ըսած է ան ֆրանսացի դեսպաններու առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ` յիշեցնելով, որ Փարիզ նախապէս արդէն հարուածներ հասցուցած է Սուրիոյ: Ան աւելցուցած է,...

«Անդրատլանտեան Յարաբերութիւններու  Վերարժեւորում Կատարելու Ժամանակը Հասած Է»  Կ՛ըսէ Մաաս

«Անդրատլանտեան Յարաբերութիւններու Վերարժեւորում Կատարելու Ժամանակը Հասած Է» Կ՛ըսէ Մաաս

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտարարեց, որ մտադիր է Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արտաքին քաղաքականութեան նոր ռազմավարութիւն ներկայացնել: Նոր ռազմավարութիւնը յառաջ մղելու համար ան մտադիր է օգտուիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 հոկտեմբերին սկսող Գերմանիոյ տարիէն: «Արդէն շատոնց հասած է անդրատլանտեան գործընկերութեան սթափ, քննադատական եւ նոյնիսկ ինքնաքննադատական վերարժեւորում կատարելու ժամանակը», ըսաւ ան Միացեալ Նահանգներու մէջ Գերմանիոյ տարուան մեկնարկին առնչութեամբ...

Իրան Եւ Սուրիա Զինուորական  Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքած Են

Իրան Եւ Սուրիա Զինուորական Համագործակցութեան Համաձայնագիր Կնքած Են

Իրանի եւ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնները ընդլայնուած զինուորական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Անոր տուեալներով` փաստաթուղթը իրանեան կողմէն ստորագրած է պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամին, իսկ սուրիական կողմէն` պաշտպանութեան նախարար Ալի Ապտալլա Այուպը: «Այդ համաձայնագիրը լայն կարելիութիւններ կը ստեղծէ երկկողմանի գործակցութեան զարգացման համար», յայտարարած է Խաթամի` ամփոփելով բանակցութիւններու արդիւնքները: Այուպ նշած է. «Սուրիոյ մէջ աւարտած...

Ուաշինկթըն Կը Դատապարտէ Դամասկոսը  Հարուածած Երկակի Ահաբեկչական Յարձակումը

Ուժի Մէջ Մտած Է Ռուսիոյ Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Առաջին Մասը

Երէկ ուժի մէջ մտան Ռուսիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի հաստատած նոր պատժամիջոցները, որոնք առնչուած են 4 մարտին Բրիտանիոյ Սալզպըրի քաղաքին մէջ ռուս նախկին լրտես գնդապետ Սերկէյ Սքրիփալի եւ անոր դստեր` Եուլիայի թունաւորման հարցով Ռուսիոյ հասցէին կատարուող ամբաստանութեան: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ Ռուսիա այդ ձեւով խախտած է Քիմիական եւ կենսաբանական զէնքի նկատմամբ հսկողութեան եւ ատոր զինուորական կիրարկման...

Էրտողան 7 Սեպտեմբերին Կ՛այցելէ Թեհրան`  Փութինի Եւ Ռուհանիի Հետ Բանակցելու Նպատակով

Էրտողան 7 Սեպտեմբերին Կ՛այցելէ Թեհրան` Փութինի Եւ Ռուհանիի Հետ Բանակցելու Նպատակով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 7 սեպտեմբերին պիտի մեկնի Թեհրան, ուր եռակողմ հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հետ: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ հաղորդած է Թուրքիոյ նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը: Նախապէս Քրեմլինի ներկայացուցիչները նշած էին, որ սեպտեմբերի սկիզբը Իրանի մայրաքաղաք պիտի մեկնի նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին` Հասան Ռուհանիի եւ Էրտողանի հետ բանակցելու համար: Վերջին...

Մոլտովայի Մէջ Հազարաւոր Ցուցարարներ  Կը Պահանջեն Կառավարութեան Հրաժարականը

Մոլտովայի Մէջ Հազարաւոր Ցուցարարներ Կը Պահանջեն Կառավարութեան Հրաժարականը

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին ցուցարարները թռուցիկներ բաժնած են եւ շարք մը պահանջներ ներկայացուցած: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով մոլտովական «Թի.Վի.8»-ին: Ցուցարարները մասնաւորաբար կը պահանջեն վարչապետ Փաւել Ֆիլիփի կառավարութեան հրաժարականը, ինչպէս նաեւ համամասնական ընտրական համակարգի վրայ հիմնուած ազատ ընտրութիւններու կազմակերպում: Բացի ատկէ, հանրահաւաքի մասնակիցները պահանջած են նաեւ դադրեցնել ընդդիմութեան քաղաքական հետապնդումն ու աւարտին հասցնել...

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը` Փայլանի  Մասնակցութեամբ Ոստիկաններու Հետ  Բախումի Միջադէպին Մասին

Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը` Փայլանի Մասնակցութեամբ Ոստիկաններու Հետ Բախումի Միջադէպին Մասին

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու մեկնաբանած է շաբաթ օր «Շաբաթօրեայ մայրեր» նախաձեռնութեան ցոյցի արգիլումը: Յիշեցնենք, որ ցոյցին ընթացքին ոստիկանութեան եւ ցոյցի մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցած էին բախումներ, որոնց կիզակէտին յայտնուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան: Թրքական «Թի24» կայքը կը գրէ, որ Սոյլու յայտարարած է, թէ ցոյցին կայացումը արգիլուած է իր անմիջական հրամանով` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ ցոյցը...

Զոհեր Եւ Վիրաւորներ` Ֆլորիտայի Ճեքսընվիլ Շրջանին Մէջ

Զոհեր Եւ Վիրաւորներ` Ֆլորիտայի Ճեքսընվիլ Շրջանին Մէջ

Երէկ երեկոյեան «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած է, որ Ֆլորիտայի Ճեքսընվիլ շրջանի ոստիկանապետի գրասենեակը տեղեկացուցած է, թէ առեւտրական համալիրի մը մէջ արձանագրուած կրակոցներու պատճառով զոհուած են 4 անձեր եւ վիրաւորուած` 7 ուրիշներ:

Յառաջիկայ Երկու Օրուան Ընթացքին  Քաֆարզէյթայի Դէմ Քիմիական  Զէնքով Յարձակաո՞ւմ

Յառաջիկայ Երկու Օրուան Ընթացքին Քաֆարզէյթայի Դէմ Քիմիական Զէնքով Յարձակաո՞ւմ

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Միացեալ Նահանգներ Արաբական Ծոց Ուղարկած Է Մարտանաւ` Սուրիոյ Հարուած Հասցնելու Համար» Օրեր առաջ Արաբական ծոց հասած է ամերիկեան «Տը Սալիվընզ» մարտանաւը, որ զինուած է 56 թեւաւոր հրթիռներով, իսկ Քաթարի «Ուտէյտ» ռազմակայան ալ տեղակայուած է «Պի-1Պի» ռազմավարական ռմբաձիգը` զինուած 24 թեւաւոր հրթիռներով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ-զօրավար Իկոր Քոնաշենքովի, այդ քայլերուն նպատակը...

Իրանի Պաշտպանութեան  Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Իրանի պաշտպանութեան նախարար Ամիր Խաթամի այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Սուրիոյ նախագահը ընդգծեց երկու կողմերուն միջեւ համակարգումը եւ երկու երկիրներուն տոկունութիւնը ամրապնդելու նպատակով գործակցութիւնը: «Միացեալ Նահանգներուն եւ անոնց գործիքներուն շրջանին մէջ կիրարկած գործելաոճը կը հաստատեն ահաբեկչութեան դէմ պայքարի առանցքի քաղաքականութեան ճշգրտութիւնը», ըսաւ Ասատ: Իրանի պաշտպանութեան նախարարը իր կարգին վերահաստատեց Սուրիոյ միասնականութեան եւ անկախութեան արտաքին միջամտութենէ...

Տնտեսական Կացութեան  Վատթարացման Պատճառով.  Իրանի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց  Ելեւմուտքի Նախարարը

Տնտեսական Կացութեան Վատթարացման Պատճառով. Իրանի Խորհրդարանը Պաշտօնազրկեց Ելեւմուտքի Նախարարը

Իրանի խորհրդարանը երէկ պաշտօնազրկեց երկրի ելեւմուտքի նախարար Մասուտ Քարպասեանը: Նախարարի պաշտօնազրկման թեր քուէարկեցին իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխաններէն 137-ը, իսկ դէմ` 121-ը: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` ելեւմուտքի նախարարին պաշտօնազրկման գլխաւոր պատճառը երկրի տնտեսական կացութեան ծանր վիճակն է եւ ազգային դրամանիշի` ռիալի, շարունակուող արժեզրկումը: Իրանեան դրամանիշը ապրիլէն ի վեր արժեզրկուած է 50 առ հարիւրով: Այսպիսով, Քարպասեան դարձաւ կառավարութեան տնտեսական ոլորտի երրորդ ներկայացուցիչը,...

Հրապարակուած Է Ռուսիոյ Դէմ Հաստատուած  Նոր Պատժամիջոցներու Առաջին Թղթածրարը

Հրապարակուած Է Ռուսիոյ Դէմ Հաստատուած Նոր Պատժամիջոցներու Առաջին Թղթածրարը

Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային տոմարին մէջ հրապարակուած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ ներկայացուած են Ռուսիոյ դէմ սահմանուած նոր պատժամիջոցները, որոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն ընթացիկ տարուան 27 օգոստոսին: «Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ նոր սահմանափակումները կ՛ենթադրեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ տրամադրուող որեւէ օգնութեան դադրեցում: Բացառութիւն կը կազմեն միայն «շտապ մարդասիրական օգնութիւնը, սննդամթերքն ու գիւղատնտեսական այլ արտադրանքներ»: Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց...

Ուաշինկթըն Չէ Բացառած «Էս-400»-ներ  Գնող Երկիրներուն Դէմ  Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Ուաշինկթըն Չէ Բացառած «Էս-400»-ներ Գնող Երկիրներուն Դէմ Պատժամիջոցներու Հաստատումը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին լրագրողներէն մէկուն խնդրանքով անդրադարձաւ այլ պետութիւններու կողմէ ռուսական «Էս-400» հակաօդային համակարգերու հաւանական գնումի հետեւանքներուն` չբացառելով պատժամիջոցներու հաստատումը: «Ռուսիան յայտարարած է, որ «Էս-400» համակարգերու Թուրքիոյ մատակարարումը տեղի պիտի ունենայ ոչ թէ 2020-ին, այլ` 2019-ին: Ինչպիսի՞ն է ձեր արձագանգը ատոր», հարցուցած է լրագրողը: Նոուըրթ ըսած է, թէ ատիկա կը մտահոգէ...

«Վրացական Զինուորական  Վտանգը Իրական Է»  Կ՛ըսէ Աբխազիոյ Նախագահը

«Վրացական Զինուորական Վտանգը Իրական Է» Կ՛ըսէ Աբխազիոյ Նախագահը

Վրաստանի կողմէ զինուորական վտանգը իրական է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Աբխազիոյ նախագահ Ռաուլ Խաճիմպա: «Ըստ ամենայնի, Վրաստան չի հրաժարիր զինուորական վրէժի գաղափարէն: Այդ մասին կը վկայեն ռազմափորձերը, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութիւնները ներկայացնող զինուորական տարատեսակ կառոյցներու աշխատակիցներու ներկայութիւնը Վրաստանի տարածքին մէջ», յայտարարած է Խաճիմպա: Աբխազիոյ նախագահին համաձայն,...

Երկրաշարժ Մը Հարուածեց  Իրանի Քարմանշահ Նահանգը

Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Իրանի Քարմանշահ Նահանգը

Իրանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն վնասուած քաղաքացիներուն թիւը հասաւ 241-ի, իսկ զոհերուն թիւը 2-ի: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը: Երկրաշարժը արձանագրուեցաւ արեւմտեան Իրանի Քարմանշահ նահանգին մէջ: Երկրաշարժը 6,1 աստիճան ուժգնութեամբ էր: Անոր կեդրոնը Պախթարան քաղաքէն 55 մղոն հեռաւորութեան վրայ էր: Իրաքեան լրատուամիջոցներ եւս հաղորդեցին, որ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ արձանագրուած է երկրաշարժ մը: Երկրաշարժ մը Իրանի այս շրջանը...

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Իրանին  20,7 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու  Եւրոպական Միութեան Մտադրութեամբ

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Իրանին 20,7 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Եւրոպական Միութեան Մտադրութեամբ

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կարծիքով` Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան տնտեսական յարաբերութիւնները ընդլայնելու նպատակով Իրանին 20,7 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին յայտարարութիւնը «ոչ ճիշդ ժամանակին կատարուած ոչ ճիշդ ուղերձ է»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Պրայըն Հուք: «Եւրոպացի հարկատուներու օգնութիւնը իրանեան վարչակարգին կարելիութիւն կու տայ սեփական ժողովուրդի կարիքները անտեսել շարունակելու», ըսած է ան:...

Ազրպէյճան Ստացած Է Պիելոռուսական  «Փոլոնեզ»-ի Կատարելագործուած Տարբերակը

Ազրպէյճան Ստացած Է Պիելոռուսական «Փոլոնեզ»-ի Կատարելագործուած Տարբերակը

Ազրպէյճան ստացած է պիելոռուսական արտադրութեան «Փոլոնեզ» համազարկային կրակոցի համակարգի կատարելագործուած տարբերակը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»-ի պիելոռուսական ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ սպառազինութիւնը զօրամասերէն մէկուն մէջ անձամբ դիմաւորած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Նաեւ կը նշուի, որ համակարգի կատարելագործուած տարբերակի փորձարկումները կատարուած են նախորդ տարուան աշնան: Աղբիւրը կ՛ընդգծէ, որ անկախութեան տարիներուն Պիելոռուսիան Ազրպէյճանին աւելի քան կէս միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնք վաճառած է:...

Page 586 of 884 1 … 585 586 587 … 884

Արխիւներ