Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային տոմարին մէջ հրապարակուած է փաստաթուղթ մը, որուն մէջ ներկայացուած են Ռուսիոյ դէմ սահմանուած նոր պատժամիջոցները, որոնք ուժի մէջ պիտի մտնեն ընթացիկ տարուան 27 օգոստոսին:
«Քորեսփոնտընթ» կը հաղորդէ, որ նոր սահմանափակումները կ՛ենթադրեն Միացեալ Նահանգներու կողմէ Ռուսիոյ տրամադրուող որեւէ օգնութեան դադրեցում: Բացառութիւն կը կազմեն միայն «շտապ մարդասիրական օգնութիւնը, սննդամթերքն ու գիւղատնտեսական այլ արտադրանքներ»:
Բացի ատկէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ռուսական պետական ընկերութիւններուն այլեւս պիտի չտրամադրէ զէնքի եւ երկակի նշանակութեան ապրանքներու արտածման արտօնագիրներ, ինչ որ, սակայն, չի վերաբերիր տիեզերքի մէջ համագործակցութեան եւ թռիչքներու անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ ապրանքներուն:
Կը նշուի, որ կան նաեւ շարք մը այլ բացառութիւններ, սակայն միեւնոյն ժամանակ Ռուսիան այլեւս Միացեալ Նահանգներէն որեւէ ելեւմտական օգնութիւն պիտի չստանայ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 8 օգոստոսին յայտարարած էր Ռուսիոյ դէմ «Սքրիփալի գործ»-ին վերաբերեալ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու որոշումին մասին: