Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ ընդդիմութեան կազմակերպած հանրահաւաքին ընթացքին ցուցարարները թռուցիկներ բաժնած են եւ շարք մը պահանջներ ներկայացուցած: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա» կայքը` յղում կատարելով մոլտովական «Թի.Վի.8»-ին:
Ցուցարարները մասնաւորաբար կը պահանջեն վարչապետ Փաւել Ֆիլիփի կառավարութեան հրաժարականը, ինչպէս նաեւ համամասնական ընտրական համակարգի վրայ հիմնուած ազատ ընտրութիւններու կազմակերպում: Բացի ատկէ, հանրահաւաքի մասնակիցները պահանջած են նաեւ դադրեցնել ընդդիմութեան քաղաքական հետապնդումն ու աւարտին հասցնել փտածութեան վերաբերեալ մեծ աղմուկ բարձրացուցած գործերու քննութիւնը:
Կը նշուի, որ հանրահաւաքին մասնակցած է քանի մը հազար մարդ: Անոնք Մոլտովայի եւ Եւրոպական Միութեան դրօշներով քայլարշաւ կատարած են եւ իրենց հետ բերած են թմբուկներ ու դատարկ դոյլեր:
Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ բռնի ուժ կիրարկելով ցրուած է ցուցարարները: