«Մեր Բոլոր Հողերը Ահաբեկչութենէն Ազատագրելու Վերջին Քայլի Եզրին Կը Գտնուինք» Կ՛ըսէ Մուալլեմ
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ երէկ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Մեր բոլոր հողերը ահաբեկչութենէն ազատագրելու վերջին քայլի եզրին կը գտնուինք»: «Մոսկուա այս այցելութիւնը ճիշդ պահուն եղաւ` քննարկելու համար Սուրիոյ հարցին շուրջ վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական, մշակութային եւ հասարակական գործակցութիւնը: Ինչպէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործընկերներ...




















