Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու մեկնաբանած է շաբաթ օր «Շաբաթօրեայ մայրեր» նախաձեռնութեան ցոյցի արգիլումը:
Յիշեցնենք, որ ցոյցին ընթացքին ոստիկանութեան եւ ցոյցի մասնակիցներուն միջեւ տեղի ունեցած էին բախումներ, որոնց կիզակէտին յայտնուած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլան:
Թրքական «Թի24» կայքը կը գրէ, որ Սոյլու յայտարարած է, թէ ցոյցին կայացումը արգիլուած է իր անմիջական հրամանով` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան կողմէ ցոյցը իր նպատակներուն ծառայեցնելը կանխարգիլելու համար:
«Այն, ինչ որ անոնք կ՛ուզեն ընել, շատ ակնյայտ է` մայրութեան կերպարին միջոցով ստեղծել զոհի դիմակ», ըսած է Սոյլու` աւելցնելով, որ իրենք որոշած են վերջ տալ այդ «չարաշահման»:
«Այսինքն` մենք պէտք է ա՞չք փակէինք այն բանին վրայ, որ մայրութեան երեւոյթը օգտագործեն իրենց ահաբեկչական քարոզին նպատակով», նշած է թուրք նախարարը:
Նշենք, որ «Շաբաթօրեայ մայրեր»-ու շաբաթ օրուան ցոյցը տեղի կ՛ունենար 700-րդ անգամ ըլլալով:



