Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յառաջիկայ Երկու Օրուան Ընթացքին Քաֆարզէյթայի Դէմ Քիմիական Զէնքով Յարձակաո՞ւմ

August 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւն. «Միացեալ Նահանգներ Արաբական Ծոց Ուղարկած Է Մարտանաւ` Սուրիոյ Հարուած Հասցնելու Համար»

Օրեր առաջ Արաբական ծոց հասած է ամերիկեան «Տը Սալիվընզ» մարտանաւը, որ զինուած է 56 թեւաւոր հրթիռներով, իսկ Քաթարի «Ուտէյտ» ռազմակայան ալ տեղակայուած է «Պի-1Պի» ռազմավարական ռմբաձիգը` զինուած 24 թեւաւոր հրթիռներով: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր գնդապետ-զօրավար Իկոր Քոնաշենքովի, այդ քայլերուն նպատակը Սուրիոյ հարուած հասցնելն է:

Ըստ Քոնաշենքովի, Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի համար Սուրիոյ հերթական հարուած հասցնելու պատրուակը պիտի դառնայ քիմիական զէնքի մասին սադրանքը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը ընդգծած է, որ ատոր անուղղակի ապացոյցը, թէ Միացեալ Նահանգները իրենց դաշնակիցներուն հետ կը պատրաստուին Սուրիոյ դէմ յարձակումին, սուրիական իշխանութիւններու կողմէ քիմիական զէնքի կիրարկման «ամէնէն վճռական կերպով» պատասխան տալու մտադրութեան մասին այդ երկիրներու բարձրագոյն ներկայացուցիչներուն «անհիմն» յայտարարութիւններն են:

Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, սադրանքը կը պատրաստեն Ժապհաթ Նուսրա ահաբեկչական խմբաւորման անդամները: Քիմիական յարձակումի բեմականացման համար անոնք Ժըսըր Շուղուր քաղաք հասցուցած են քլորով տակառներ:

Յիշեցնենք, որ 14 ապրիլ 2018-ին, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա եւ Ֆրանսա օդային հարուածներ հասցուցած էին Սուրիոյ` ի պատասխան Տումա քաղաքին մէջ կատարուած քիմիական զէնքով յարձակումին, որուն համար Արեւմուտքը մեղադրած էր սուրիական բանակը:

Միւս կողմէ, «Պլումպըրկ» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով լաւատեղեակ աղբիւրներու, հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւի հետ հինգշաբթի օր Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն կրնայ հարուածել Սուրիան, եթէ սուրիական կառավարութիւնը քիմիական զէնք օգտագործէ:

Գործակալութեան տուեալներով` Միացեալ Նահանգներ տեղեկութիւն ունին, որ Ասատ մտադիր է Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ընդդիմադիր ուժերուն դէմ կիրարկել քիմիական զէնք, եւ պատրաստ է այդ արարքին արձագանգելու:

Իր ռուս պաշտօնակիցին հետ հանդիպումի ընթացքին Պոլթըն յայտարարած է, թէ քիմիական զէնքով յարձակումի պարագային Ուաշինկթըն պատրաստ է նախկին հարուածի ընթացքին կիրարկածէն շատ աւելի մեծ զինուորական ուժ կիրարկելու Ասատի վարչակարգին դէմ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտութեան կեդրոնը տեղեակ է, որ քիմիական զէնքով յարձակումներ կազմակերպելու համար Իտլիպ կը գտնուին օտար մասնագէտներ:

«Որոշուած է յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին թունաւոր զէնքերով հարուածել Քաֆարզէյթան` մասնակցութեամբ հիւսիսային Իտլիպի խումբ մը բնակիչներու», նշեց նախարարութիւնը:

 

Նախորդը

Իրանի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Յաջորդը

Զոհեր Եւ Վիրաւորներ` Ֆլորիտայի Ճեքսընվիլ Շրջանին Մէջ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.