Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Մտահոգ Են Իրանին 20,7 Միլիոն Տոլար Տրամադրելու Եւրոպական Միութեան Մտադրութեամբ

Օգոստոս 27, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կարծիքով` Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան տնտեսական յարաբերութիւնները ընդլայնելու նպատակով Իրանին 20,7 միլիոն տոլար տրամադրելու մասին յայտարարութիւնը «ոչ ճիշդ ժամանակին կատարուած ոչ ճիշդ ուղերձ է»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի հարցով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչ Պրայըն Հուք:

«Եւրոպացի հարկատուներու օգնութիւնը իրանեան վարչակարգին կարելիութիւն կու տայ սեփական ժողովուրդի կարիքները անտեսել շարունակելու», ըսած է ան:

Ամերիկացի պաշտօնատարը նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը պէտք է միասին աշխատին` գտնելու համար երկարաժամկէտ լուծում, որ «պիտի աջակցէր իրանցի ժողովուրդին ու վերջ պիտի տար շրջանին մէջ Իրանի իշխանութիւններուն կողմէ անվտանգութեան սպառնալիքին»:

23 օգոստոսին Եւրոպական յանձնաժողովի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնած էր, որ հաւանութիւն տուած է Իրանին ուղղուած օժանդակութեան առաջին թղթածրարին` 18 միլիոն եւրոյի (20,7 միլիոն տոլար) չափով:

Յիշեցնենք, որ Պրայըն Հուք յայտարարած էր, որ իր երկիրը պատրաստ է երկրորդական պատժամիջոցներ հաստատելու այն երկիրներուն դէմ, որոնք պիտի շարունակեն համագործակցիլ Իրանի իսլամական հանրապետութեան հետ:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ առեւտրական աշխուժութիւնը, ներառեալ բեռներու փոխադրումները, մինչեւ նոյեմբեր հասցուին զերոյի: Մենք յոյս ունինք, որ մեր գործընկերները պիտի հետեւին պատժամիջոցներու դրութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ կարիք չկայ յիշեցնելու Միացեալ Նահանգներու` երկրորդական պատժամիջոցներ կիրարկելու պատրաստակամութեան մասին», ըսած էր ան:

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Ստացած Է Պիելոռուսական «Փոլոնեզ»-ի Կատարելագործուած Տարբերակը

Յաջորդը

Երկրաշարժ Մը Հարուածեց Իրանի Քարմանշահ Նահանգը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?