Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Հայքօ Մաաս յայտարարեց, որ մտադիր է Գերմանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ արտաքին քաղաքականութեան նոր ռազմավարութիւն ներկայացնել:
Նոր ռազմավարութիւնը յառաջ մղելու համար ան մտադիր է օգտուիլ Միացեալ Նահանգներու մէջ 3 հոկտեմբերին սկսող Գերմանիոյ տարիէն:
«Արդէն շատոնց հասած է անդրատլանտեան գործընկերութեան սթափ, քննադատական եւ նոյնիսկ ինքնաքննադատական վերարժեւորում կատարելու ժամանակը», ըսաւ ան Միացեալ Նահանգներու մէջ Գերմանիոյ տարուան մեկնարկին առնչութեամբ Պերլինի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին:
Մաաս կ՛առաջարկէ հաւասարակշռուած համագործակցութեան գաղափարը դարձնել Ուաշինկթընի հետ նոր յարաբերութիւններու հիմքը: «Անհրաժեշտ է հաւասար կշիռ օգտագործել այն ոլորտներուն մէջ, ուր Միացեալ Նահանգներ կ՛անցնին կարմիր գիծը», ըսաւ ան:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը նախապէս գերմանական «Հանտելսպլաթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ նշած էր, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան տարիներու ընթացքին աստիճանաբար կը հեռանան իրարմէ, իսկ շահերու եւ արժէքներու հասարակութիւնը աստիճանաբար կը ջնջուի:
Ան յայտնած էր, որ Արեւելքի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը սկսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գալէն առաջ, եւ դէմ արտայայտուած է այն ռազմավարութեան, որ կ՛ենթադրէ, թէ Եւրոպան պէտք է սպասէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իշխանափոխութեան: