Իրանի խորհրդարանը երէկ պաշտօնազրկեց երկրի ելեւմուտքի նախարար Մասուտ Քարպասեանը: Նախարարի պաշտօնազրկման թեր քուէարկեցին իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի երեսփոխաններէն 137-ը, իսկ դէմ` 121-ը:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկութիւններով` ելեւմուտքի նախարարին պաշտօնազրկման գլխաւոր պատճառը երկրի տնտեսական կացութեան ծանր վիճակն է եւ ազգային դրամանիշի` ռիալի, շարունակուող արժեզրկումը: Իրանեան դրամանիշը ապրիլէն ի վեր արժեզրկուած է 50 առ հարիւրով:
Այսպիսով, Քարպասեան դարձաւ կառավարութեան տնտեսական ոլորտի երրորդ ներկայացուցիչը, որ պաշտօնազրկուեցաւ վերջին շաբաթներուն իրանեան տնտեսութեան խորացող ճգնաժամին պատճառով:
Իրանի խորհրդարանը նախապէս քուէարկած էր ի նպաստ աշխատանքի նախարարի պաշտօնազրկման, իսկ նախագահ Հասան Ռուհանի պաշտօնանկ ըրած էր Իրանի կեդրոնական դրամատան նախագահը:
Յիշեցնենք, որ 6 օգոստոսին ուժի մէջ մտաւ Իրանի դէմ ամերիկեան վերականգնուած պատժամիջոցներու առաջին փուլը, որ կը վերաբերի արտարժոյթի շուկային եւ արդիւնաբերութեան հիմնական ճիւղերուն: Պատժամիջոցներու երկրորդ փուլով, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ նոյեմբերին, կը նախատեսուի արգելքներ հաստատել իրանեան քարիւղի արտածման եւ առեւտուրին դէմ: