Միջազգային

Չինաստանը 7,7 Միլիառ Տոլարով Կրճատած Է  Միացեալ Նահանգներու Պետական  Պարտքին Մէջ Ներդրումները

Չինաստանը 7,7 Միլիառ Տոլարով Կրճատած Է Միացեալ Նահանգներու Պետական Պարտքին Մէջ Ներդրումները

Չինաստանի իշխանութիւնները 7,7 միլիառ տոլարով կրճատած են ամերիկեան պետական պարտքին մէջ ներդրումները: Ռուսական «Առ.Պի.Սի.» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը վկայեն Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան յուլիսի տուեալները: Յունիս 2018-ին, ամերիկեան պետական պարտատոմսերուն մէջ չինական ներդրումները կազմած են 1,178 եռիլիոն տոլար, իսկ յուլիսին անոնք կազմած են 1,171 եռիլիոն տոլար: 7,7 միլիառ տոլարով նուազումը տեղի ունեցած է Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու...

Աւստրիոյ Մէջ Այգեպանը Դատապարտուած Է  Մէկ Տարի Բանտարկութեան`  Մեղուներու Սպանութեան Համար

Աւստրիոյ Մէջ Այգեպանը Դատապարտուած Է Մէկ Տարի Բանտարկութեան` Մեղուներու Սպանութեան Համար

Դատարանը աւստրիական Քլակենֆուրթ քաղաքի այգեպաններէն մէկը դատապարտած է մէկ տարի բանտարկութեան եւ 20 հազար եւրօ տուգանքի` մեղուներու կանխամտածուած սպանութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա» օրաթերթը: 47 տարեկան տղամարդը իր միրգերու ծառերուն պաշտպանութեան համար օգտագործած է քորփիրիֆոս միջատասպան քիմիական նիւթը, որուն պատճառով սատկած է այդ շրջանի մեղուաբոյծներուն պատկանող մեղուներուն զգալի մասը: Դատարանը եկած է այն եզրակացութեան, որ տղամարդը չէր կրնար...

ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպանը Յարձակողական  Աքթ Որակած Է Սուրիոյ Մէջ  Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Գործողութիւնը

ՄԱԿ-ի Մէջ Իրանի Դեսպանը Յարձակողական Աքթ Որակած Է Սուրիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Զինուորական Գործողութիւնը

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Կոլիամալի Հոշրու յիշեցուցած է Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական գործողութեան անօրինականութեան մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ըստ անոր, Իրան կ՛աջակցի Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հոլովոյթին: Ան նաեւ նշած է, որ Թեհրան պիտի շարունակէ կառուցողական դեր կատարել Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան վերականգնման հոլովոյթին մէջ: Իր խօսքին մէջ ան յիշեցուցած է ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու...

Պայթում` Ուքրանիոյ  Զինամթերքի Մեծ Պահեստի Մէջ

Պայթում` Ուքրանիոյ Զինամթերքի Մեծ Պահեստի Մէջ

Ուքրանիոյ Ձեռնիկովի մարզին մէջ գտնուող զինուորական պահեստին մէջ պայթում տեղի ունեցած է: Հետագային հաղորդուեցաւ, որ 2-3 վայրկեանը անգամ մը պայթում տեղի կ՛ունենայ: Պահեստին մէջ առաջին պայթումը, որ ուքրանական լրատուամիջոցները երկրին մէջ մեծագոյններէն մէկը կը նկատեն, տեղի ունեցած է երէկ գիշեր ժամը 3:00-ի մօտ: Կը հաղորդուի, որ պահեստին մէջ կը գտնուի շուրջ 88.000 թոն զինամթերք: Դէպքի վայրէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեամբ գնացքներու...

Քրեմլին Կը Հաստատէ Սուրիոյ  «Էս-300»-ներու Յանձնման Ամբողջացումը

Քրեմլին Կը Հաստատէ Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Յանձնման Ամբողջացումը

Քրեմլին հաստատեց, որ Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային համակարգերու յանձնումը ամբողջացած է: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ ժողովի ընթացքին յայտարարած էր, թէ այդ առնչութեամբ բոլոր աշխատանքները եւ «Էս-300»-ները մէկ համակարգի կցելը պիտի ամբողջանան մինչեւ 20 հոկտեմբեր: Ան նշած էր, որ սուրիացի զինուորներու մարզումը պիտի տեւէ երեք ամիս եւ արդէն սկսած է: Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ...

Ուաշինկթըն Ռիատի  Կոչ Կ՛ուղղէ Խաշըկժիի  Անհետացման Շուրջ Համապարփակ  Հետաքննութիւն Կատարելու

Ուաշինկթըն Ռիատի Կոչ Կ՛ուղղէ Խաշըկժիի Անհետացման Շուրջ Համապարփակ Հետաքննութիւն Կատարելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մտահոգութիւն յայտնեց Թուրքիոյ մէջ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըկժիի` սէուտական հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք անհետանալու լուրերուն նկատմամբ: «Հիւպատոսարանի պաշտօնատարները չեն կրնար իրենք զիրենք փրկել ըսելով, որ ան հեռացաւ: Առնչակից իշխանութիւնները յանձնառու են այդ պնդումներուն գծով փաստեր ներկայացնելու: Եթէ հեռացած է, ուրեմն պէտք է ատիկա փաստէք լուսանկարներով: Անոնք, որոնք թրքական իշխանութիւններուն հարց կու տան, թէ ո՞ւր է...

Ռուսիոյ Դաշնակցային Անվտանգութեան  Գրասենեակը Ձերբակալեց Երեք Անձեր,  Որոնց Մօտ Ականներ Կային

Ռուսիոյ Դաշնակցային Անվտանգութեան Գրասենեակը Ձերբակալեց Երեք Անձեր, Որոնց Մօտ Ականներ Կային

Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակը յայտարարեց, որ Ս. Փեթերսպուրկի եւ Փեթրոզիվոտսքի մէջ ձերբակալած է երեք անձեր, որոնց մօտ 36 ականներ, զէնքեր ու մեծաքանակ զինամթերք կային: Դաշնակցային անվտանգութեան գրասենեակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ կանգնեցուցած է գործունէութիւնը քրէական խմբաւորումի մը, որ կը զբաղէր ականներու պատրաստութեամբ ու վաճառքով, ինչպէս նաեւ զէնք-զինամթերքի վաճառքով: Հետախուզութեան հիմամբ գրաւուած են 36 ականներ, ականի պատրաստման աւելի քան...

«Մինսք Կը Ձգտի Մեծ Դեր  Խաղալ Եւրասիոյ Մէջ  Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ»  Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Մինսք Կը Ձգտի Մեծ Դեր Խաղալ Եւրասիոյ Մէջ Տագնապներու Լուծման Գործին Մէջ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիան պիտի ձգտի մեծ դեր խաղալու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ տագնապներու լուծման գործին մէջ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այդ մասին 9 հոկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն: «Պիելոռուսիան առաջուան նման պիտի ձգտի աւելի մեծ դեր խաղալ լուծման գործին մէջ այնպիսի տագնապներու, որոնք, ցաւօք, մեր եւրոպական, եւրասիական...

Քիմ Եոնկ Ըն Ֆրանչիսկոս Պապը  Հրաւիրած Է Հիւսիսային Քորէա

Քիմ Եոնկ Ըն Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրած Է Հիւսիսային Քորէա

Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ըն Ֆրանչիսկոս պապը հրաւիրած է Փիոնկիանկ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին Սէուլի մէջ յայտնած է Հարաւային Քորէայի նախագահի բանբեր Քիմ Ըյ Կիոմը: «Նախագահ Մուն Չժէ Ին յաջորդ շաբաթ Եւրոպա նախատեսուած ուղեւորութեան ընթացքին Հռոմի պապին պիտի յանձնէ Քիմ Եոնկ Ընի կողմէ Հիւսիսային Քորէա այցելելու հրաւէրը», նշած է ան: Անոր համաձայն, Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարը...

Հնդկաստանը Պիտի Շարունակէ Իրանէն Քարիւղ  Գնել` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու  Հաւանական Պատժամիջոցներուն

Հնդկաստանը Պիտի Շարունակէ Իրանէն Քարիւղ Գնել` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Հաւանական Պատժամիջոցներուն

Հնդկական ընկերութիւնները 4 նոյեմբերէն ետք պիտի շարունակեն անմշակ քարիւղ գնել Իրանէն, հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական առարկութիւններուն ու պատժամիջոցներուն: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ «Էն.Տի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Հնդկաստանի քարիւղի նախարար Տհարմենտրա Փրատհանը: «Մեզի անհրաժեշտ է բաւարարել մեր երկրի պահանջները: Մեր շարք մը ընկերութիւնները արդէն համաձայնած են նոյեմբերի մասնաբաժիններուն շուրջ», ըսած է ան Նիւ Տելհիի...

Անգարա Պոլսոյ Մէջ Սէուտական Արաբիոյ  Հիւպատոսարանին Մէջ Խուզարկումներ  Կատարելու Արտօնութիւն Խնդրած Է

Անգարա Պոլսոյ Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Հիւպատոսարանին Մէջ Խուզարկումներ Կատարելու Արտօնութիւն Խնդրած Է

Թուրքիոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը դարձեալ կանչուած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն` սէուտցի ընդդիմադիր լրագրողի անհետացման հարցով: Անգարան Պոլսոյ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ խուզարկումներ կատարելու արտօնութիւն խնդրած է: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Նախապէս հաղորդուած էր, որ Պոլսոյ դատախազութիւնը հետաքննութեան սկսած է` յայտնի սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշըկժիի անհետացման շուրջ: Լրատուամիջոցներու թուրք-արաբական ընկերակցութիւնը յայտնած էր, որ լրագրողը, որ կ՛աշխատի...

ՕԹԱՆ Սկսած Է Մոնթենեկրոյի  Երկինքի Հսկողութեան

ՕԹԱՆ Սկսած Է Մոնթենեկրոյի Երկինքի Հսկողութեան

ՕԹԱՆ սկսած է Մոնթենեկրոյի օդային տարածութեան հսկողութեան: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին կը հաղորդէ, որ այս մասին 8 հոկտեմբերին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: Գործողութիւնը կ՛իրականացուի իտալական եւ յունական կործանիչներուն մասնակցութեամբ: «Օդային տարածքի հսկողութիւնը, որ կ՛իրականացնէ ՕԹԱՆ-ը, երկարաժամկէտ առաքելութիւն է, որ ուղղուած է դաշինքի անդամ երկրի օդային տարածութեան անձեռնմխելիութեան ապահովման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Տնտեսութեան Նոպելեան Մրցանակի Դափնեկիր  Դարձած Են Ուիլիըմ Նորտհաուս Եւ Փոլ Ռոմըր

Տնտեսութեան Նոպելեան Մրցանակի Դափնեկիր Դարձած Են Ուիլիըմ Նորտհաուս Եւ Փոլ Ռոմըր

Տնտեսութեան Ալֆրետ Նոպելի յիշատակի 2018 տարուան մրցանակը շնորհուած է Ուիլիըմ Նորտհաուսին եւ Փոլ Ռոմըրին` նորարարութիւններն ու կլիման տնտեսական աճին հետ համակարգելնուն համար: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է Շուէտի գիտութիւններու թագաւորական ակադեմիայի Նոպելեան կոմիտէն: Ուիլիըմ Նորտհաուս ծնած է 1941 թուականին: Ան կ՛աշխատի Եէյլ համալսարանին մէջ: Գիտնականի հետաքրքրութիւններուն ոլորտը առնչուած է բնութեան վրայ...

Ինթըրփոլի Ղեկավարը Կալանաւորուած Է  Կաշառակերութեան Կասկածով

Ինթըրփոլի Ղեկավարը Կալանաւորուած Է Կաշառակերութեան Կասկածով

Չինաստանի Ընդհանուր ապահովութեան նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ինթըրփոլի տնօրէնը կալանաւորուած է կաշառակերութեան մեղսակցութեան կասկածով»: Չինական իշխանութիւնները կիրակի օր յայտարարած էին, թէ Ինթըրփոլի նախագահ Հունվէյ Մինկ ապօրինի արարքներ գործելու կասկածով հետաքննութեան կ՛ենթարկուի: Իր հայրենիքը` Չինաստան արձակուրդի երթալէ ետք, Մինկի հետ կապը քանի մը օր կտրուած էր, եւ Ինթըրփոլ Չինաստանի իշխանութիւններէն պահանջած էր տեղեկութիւն հաղորդել անոր գտնուելու վայրին մասին: Ինթըրփոլ իր կարգին հաղորդած էր,...

Լաւրով Եւ Զարիֆ Քննարկած Են Միջազգային  Հարցեր Եւ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ  Համագործակցութիւնը

Լաւրով Եւ Զարիֆ Քննարկած Են Միջազգային Հարցեր Եւ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Համագործակցութիւնը

Ռուսիոյ եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներ Սերկէյ Լաւրով եւ Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են միջազգային հարցեր եւ ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան երէկ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: «Արտաքին գործոց նախարարութիւններու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ համագործակցութեան խնդիրները` շեշտը դնելով ուժանիւթի ոլորտին մէջ գործակցութեան հարցերուն վրայ»,...

Պրազիլի Մէջ Նախագահական  Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

Պրազիլի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Պրազիլի Գերագոյն ընտրական դատարանի նախագահ Ռոզա Վեպերի յայտարարութեան համաձայն, երկրորդ փուլին պիտի պայքարին Ընկերային-ազատական կուսակցութեան թեկնածու Ժայիր Պոլսոնարուն եւ Բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Սաօ Փաուլոյի նախկին քաղաքապետ Ֆեռնանտու Ատատը: Կիրակի, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, թեկնածուներէն ոչ մէկը կրցած է ապահովել...

Ըստ Իրանի Կեդրոնական Դրամատան.  Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները  Մեծ Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Իրանի Վրայ

Ըստ Իրանի Կեդրոնական Դրամատան. Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները Մեծ Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Իրանի Վրայ

Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները, որոնք կրնան ուժի մէջ մտնել նոյեմբերին, մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան Իրանի ելեւմտական ու քարիւղի արտադրութեան գործունէութեան վրայ: Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտոլնասեր Հեմաթի: «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը արդէն ըրած է այդ ամէնը, ինչ որ կ՛ուզէր ընել: Սահմանափակումներու առնչուած հիմնական աշխատանքը, որով անոնք ամէն օր կը զբաղին, Իրանի...

«Սերպիան Զինուորական Առումով Չէզոք  Պիտի Մնայ, Սակայն  Պիտի Համագործակցի Օթան-Ի Հետ»  Կ՛ըսէ Վուչիչ

«Սերպիան Զինուորական Առումով Չէզոք Պիտի Մնայ, Սակայն Պիտի Համագործակցի Օթան-Ի Հետ» Կ՛ըսէ Վուչիչ

Սերպիան պիտի չանդամակցի ՕԹԱՆ-ին եւ պիտի շարունակէ զինուորական չէզոքութիւն պահպանել` միեւնոյն ատեն պահպանելով համագործակցութիւնը ՕԹԱՆ-ի հետ: Այս մասին յայտարարած է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչ` խօսք արտասանելով Մլատենովաց քաղաքին մէջ «Սերպիա-2018» ՕԹԱՆ-ի միջազգային ռազմափորձերու բացման արարողութեան, որուն ներկայ էր ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան: «Սերպիան զինուորական առումով չէզոք երկիր է եւ...

Միջազգային Դաշինքի Ուղղաթիռները  ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ Հեռացուցած Են Տէր Զօրէն

Միջազգային Դաշինքի Ուղղաթիռները ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ Հեռացուցած Են Տէր Զօրէն

ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքին պատկանող ուղղաթիռներ ՏԱՀԵՇ-ի շարք մը անդամներ հեռացուցած են Տէր Զօրի հարաւարեւելեան շրջանէն: Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքին պատկանող ուղղաթիռներ շաբաթ օր էջք կատարած են Տէր Զօրի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Շաաֆա գիւղին մօտ եւ այդտեղէն հեռացուցած ՏԱՀԵՇ-ի` տարբեր ազգերու պատկանող անդամներ: ՍԱՆԱ կը յիշեցնէ, որ Միջազգային դաշինքի ուղղաթիռները...

Իտլիպի Մէջ Ժիհատականները  Սկսած Են Ետ Քաշուիլ

Իտլիպի Մէջ Ժիհատականները Սկսած Են Ետ Քաշուիլ

Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ գտնուող ժիհատականները սկսած են լքել տարածքը` համաձայն Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան, այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Գործակալութեան հետ զրուցած զինեալներէն մէկը նշած է, որ զինաթափումն ու հեռացման հոլովոյթը կրնայ տեւել քանի մը օր: Կը նշուի, որ ժիհատական ծայրայեղական խմբաւորումներու զինեալներուն տեղաշարժը սկսած է շաբաթ...

Page 576 of 884 1 … 575 576 577 … 884

Արխիւներ