Ռուսիան Կրնայ 2019-ին Դուրս Մնալ Եւրոպական Խորհուրդի Կազմէն
Ռուսիան կրնայ դուրս մնալ Եւրոպական խորհուրդի կանոնադրական մարմիններու անդամ պետութիւններու շարքէն, եթէ մինչեւ յաջորդ տարուան կէսերը չսկսի համապատասխան վճարումներ կատարել կառոյցի պիւտճէին: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտը: Եակլանտ յայտնած է, թէ Ռուսիան ինքն իրեն կ՛արտօնէ տեւաբար անհրաժեշտ վճարումներ չկատարել, ինչ որ իր կարգին իրաւունք կու տայ պատժամիջոցներ կիրարկել...




















