Միջազգային

Փոմփէօ Յաջող Նկատած Է  Փիոնկիանկ Իր Այցելութիւնը

Փոմփէօ Յաջող Նկատած Է Փիոնկիանկ Իր Այցելութիւնը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մեկնաբանած է Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ընի հետ իր ունեցած հանդիպումը` զայն նկատելով յաջող: Այս մասին ան գրած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն եւ իր պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ընդունելութեան համար: «Մենք կը շարունակենք յառաջընթաց արձանագրել` սինկափուրեան համաձայնութիւններուն առնչութեամբ: Շնորհակալութիւն զիս ու իմ խումբս ընդունելու համար», գրած...

Թրքական Ոստիկանութեան Համաձայն Խաշըկժի Սպաննուած Է Սէուտական  Արաբիոյ Պոլսոյ Հիւպատոսարանին Մէջ

Թրքական Ոստիկանութեան Համաձայն Խաշըկժի Սպաննուած Է Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ Հիւպատոսարանին Մէջ

Թրքական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ըստ թրքական ոստիկանութեան նախնական գնահատանքին, սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշըկժի սպաննուած է Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ, ապա անոր դիակը այդ վայրէն դուրս բերուած է: Թրքական կառավարութեան մօտիկ աղբիւր մը իր կարգին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ թրքական ոստիկանութեան կարծիքով` Խաշըկժի հիւպատոսարանին մէջ սպաննուած է այդ արարքը գործելու համար յատուկ Պոլիս եկած եւ ապա...

«Մենք Մեզ Պիտի Գտնենք Յեղաշրջումի  Կամ Յեղափոխութեան Դէմ Յանդիման»  Կ՛ըսէ Խաթեմի

«Մենք Մեզ Պիտի Գտնենք Յեղաշրջումի Կամ Յեղափոխութեան Դէմ Յանդիման» Կ՛ըսէ Խաթեմի

Իրանի նախկին նախագահ Մոհամետ Խաթեմի զգուշացուց, որ երկրին մէջ կրնայ յեղաշրջում կամ յեղափոխութիւն տեղի ունենալ, եթէ կացութիւնը շարունակէ այսպէս մնալ: «Երբ հասարակութիւնը ներկայ կացութենէն դժգոհ է եւ անոր ձայնը որեւէ ձեւով չի լսուիր, անոր կարիքներուն ու հարցադրումներուն ուշադրութիւն չի դարձուիր, երկխօսութեան, քննադատութեան ու խօսքի ազատութեան դռները օրէնսդրական միջոցներով կը փակուին, կա՛մ յեղաշրջում տեղի կ՛ունենայ, կա՛մ ալ յեղափոխութիւն», ըսաւ Խաթեմի: «Այսօր...

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Արժանթինին  Տրամադրած Է Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Վարկը

Միջազգային Դրամական Ֆոնտը Արժանթինին Տրամադրած Է Պատմութեան Մէջ Մեծագոյն Վարկը

Միջազգային դրամական ֆոնտը Արժանթինին տրամադրած է կառոյցի պատմութեան մէջ մեծագոյն վարկային թղթածրարը` 57,1 միլիառ տոլար, որ երկիրը պիտի ստանայ յառաջիկայ երեք տարուան ընթացքին: «Տը Կարտիըն» կը հաղորդէ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտի ղեկավար Քրիսթինա Լակարտ յայտնած է. «Ասիկա Միջազգային դրամական ֆոնտի պատմութեան մէջ մեծագոյն վարկն է»: Բրիտանական օրաթերթը կը մանրամասնէ, որ գումարի 15 միլիառ տոլարը արդէն փոխանցուած է: Սակայն Միջազգային դրամական...

Էրտողան Մեղադրած Է ՄԱԿ-ը Կողմնակալ  Ըլլալու Յանցանքով Եւ Պահանջած  Բարեփոխումներ Կատարել

Էրտողան Մեղադրած Է ՄԱԿ-ը Կողմնակալ Ըլլալու Յանցանքով Եւ Պահանջած Բարեփոխումներ Կատարել

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ ՄԱԿ-ը այլեւս ի վիճակի չէ համամարդկային արդարութիւն ապահովել, եւ կազմակերպութիւնը լուրջ ներքին բարեփոխումներու կարիք ունի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տիքեն» կայքը: Ըստ Էրտողանի, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է ներառէ 7 ցամաքամասերէ երկիրներ: «Մենք պէտք է ատոր հասնինք», «Թէ.Ռէ.Թէ. Համաշխարհային համախմբում» գիտաժողովի ընթացքին ըսած է Էրտողան: Թուրքիոյ նախագահը մեղադրած է ՄԱԿ-ը կողմնակալ...

Էրտողան Յայտնած Է Սուրիայէն Թրքական  Զօրքերու Դուրս Բերման Պայմանները

Էրտողան Յայտնած Է Սուրիայէն Թրքական Զօրքերու Դուրս Բերման Պայմանները

Թուրքիոյ զինեալ ուժերը Սուրիայէն պիտի հեռանան, երբ երկրին մէջ տեղի ունենան ազատ ընտրութիւններ, եւ ջնջուի ահաբեկչական սպառնալիքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Երբ ահաբեկչութիւնը Սուրիայէն հեռանայ, երբ կատարուին ազնիւ ընտրութիւններ, այն ատեն մենք եւս պիտի հեռանանք: Մեզ հրաւիրած են Իտլիպի բնակիչները: Աֆրինի մէջ նոյն ձեւով եղած է, մեզ հրաւիրած է ժողովուրդը»,...

Տենիս Մուքվեկէ Եւ Նատիա Մրատ`  Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակակիրներ

Տենիս Մուքվեկէ Եւ Նատիա Մրատ` Խաղաղութեան Նոպելեան Մրցանակակիրներ

Սթոքհոլմի մէջ երէկ յայտարարուեցաւ 2018-ի խաղաղութեան նոպելեան մրցանակակիրներուն անունները` Քոնկոյէն վիրաբուժ Տենիս Մուքվեկէ եւ Իրաքի եզիտի իրաւապաշտպան Նատիա Մրատ: Անոնք պարգեւատրուած են զինեալ տագնապներու ընթացքին սեռական բռնութեան վերջ տալու ուղղուած ջանքերու համար: Մուքվեկէ իր կեանքը նուիրած է պատերազմական գօտիներու մէջ սեռական բռնութեան զոհ դարձածներու փրկութեան ու պաշտպանութեան: Իսկ Մրատ ինք դարձած է նման բռնութեան զոհ, սակայն իր մէջ քաջութիւն գտած...

Փարիզի Մէջ Արգիլուած Է Իւրաքանչիւր  Ամսուան Առաջին Կիրակին Ինքնաշարժ Վարել

Փարիզի Մէջ Արգիլուած Է Իւրաքանչիւր Ամսուան Առաջին Կիրակին Ինքնաշարժ Վարել

Փարիզի իշխանութիւնները նոր միջոցներու կը ձեռնարկեն օդի ապականութեան դէմ պայքարին մէջ: Այժմ անոնք որոշած են, որ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին կիրակին քաղաքին մէջ ինքնաշարժ վարելը պիտի արգիլուի: Այդպիսի առաջին կիրակին պիտի ըլլայ 7 հոկտեմբերին, երբ «սիրոյ քաղաք»-ի փողոցներուն մեծ մասը պիտի յանձնուի քալողներուն ու հեծանիւ վարողներուն: Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը նշէ, որ այդ օրերուն յատուկ պարագայի կրնան բացառութիւններ կատարուիլ միայն...

«Միացեալ Նահանգներ Ինչպէս Նախապէս  Չեն Ճանչնար Պաղեստինի Պետութիւնը»  Կ՛ըսէ Պոլթըն

«Միացեալ Նահանգներ Ինչպէս Նախապէս Չեն Ճանչնար Պաղեստինի Պետութիւնը» Կ՛ըսէ Պոլթըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն յայտարարած է, որ ամերիկեան վարչակազմը ինչպէս նախապէս չի ճանչնար Պաղեստինի պետութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին ըսած է Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Ներկայիս անիկա պետութիւն չէ: Անիկա չ՛անցնիր պետականութեան` միջազգային իրաւունքին համապատասխան քննութիւնը, չի վերահսկեր գծուած սահմաններուն, չի կատարեր կառավարութեան բնական գործառոյթներ: Կան շարք մը...

«Թուրքիան Որեւէ Պահու Կրնայ  Նոր Քայլերու Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Թուրքիան Որեւէ Պահու Կրնայ Նոր Քայլերու Ձեռնարկել Սուրիոյ Մէջ» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը որեւէ պահու կրնան նոր քայլերու ձեռնարկել Սուրիոյ տարածքին` պաշտպանելու համար Թուրքիոյ սահմաններն ու ազգային անվտանգութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Մենք ատիկա այնպէս պիտի ընենք, ինչպէս «Եփրատի վահան» գործողութեան ժամանակ եւ Աֆրինի մէջ», ըսած է Քալըն` անդրադառնալով Մընպեժի խնդիրին: Էրտողանի բանբերը նշած է, որ...

Միջազգային Քրէական Դատարանի Որոշումէն Ետք.  «Միացեալ Նահանգներ Դուրս Կու Գան 1955-Ին  Իրանի Հետ Կնքուած  Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրէն»  Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միջազգային Քրէական Դատարանի Որոշումէն Ետք. «Միացեալ Նահանգներ Դուրս Կու Գան 1955-Ին Իրանի Հետ Կնքուած Բարեկամութեան Մասին Համաձայնագիրէն» Կ՛ըսէ Փոմփէօ

Միացեալ Նահանգներ դուրս կու գան 1955 թուականին Իրանի հետ կնքուած «Բարեկամութեան, տնտեսական յարաբերութիւններու եւ հիւպատոսական իրաւունքներու մասին» համաձայնագիրէն եւ կը կարծեն, որ Իրանը Միջազգային քրէական դատարանը կ՛օգտագործէ քաղաքական եւ քարոզչական նպատակներով: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ: «Ես կը յայտարարեմ, որ Միացեալ Նահանգներ կը խզեն Իրանի...

«Իրան Սուրիոյ Տարածքին  Կը Գործէ Դամասկոսի Արտօնութեամբ»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Իրան Սուրիոյ Տարածքին Կը Գործէ Դամասկոսի Արտօնութեամբ» Կ՛ըսէ Զախարովա

Իրան Սուրիոյ մէջ կը գործէ Դամասկոսի անմիջական արտօնութեամբ: Այդ մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով վերջերս Սուրիոյ տարածքին իրանեան ուժերու կողմէ ահաբեկչական դիրքերուն հասցուած հարուածները: «Այս առիթով կրնանք արձանագրել, որ իրանցի զինուորականները Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին կ՛աջակցին օրինական հիմքերով եւ սուրիական իշխանութիւններուն հրաւէրով», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը երկուշաբթի օր...

«Կը Քննարկուի Փութին-Մարկվելաշվիլի  Հանդիպումի Կարելիութիւնը»  Կ՛ըսէ Ապաշիծէ

«Կը Քննարկուի Փութին-Մարկվելաշվիլի Հանդիպումի Կարելիութիւնը» Կ՛ըսէ Ապաշիծէ

Թիֆլիս չի բացառեր, որ Ռուսիոյ եւ Վրաստանի նախագահները կրնան հանդիպիլ` քննարկելու համար երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ աւելի քան մէկ տասնամեակի ընթացքին կուտակուած խնդիրները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ «Ռուսթաւի2» պատկերասփիւռի կայանէն այդ մասին նշած է Վրաստանի վարչապետի` Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու գծով յատուկ բանագնաց Զուրապ Ապաշիծէն` ընդգծելով, սակայն, որ երկու երկիրներուն դիւանագէտները այդպիսի հանդիպումի մը մասին տակաւին որեւէ յստակ բան...

Իրան Կը Հերքէ Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական  Յարձակումի Կազմակերպման Հետ Առնչութիւն  Ունենալու Մասին Մեղադրանքները

Իրան Կը Հերքէ Ֆրանսայի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակումի Կազմակերպման Հետ Առնչութիւն Ունենալու Մասին Մեղադրանքները

Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կը հերքէ Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական յարձակման կազմակերպման հետ առնչութիւն ունենալու մասին մեղադրանքները: Այս մասին կը գրէ «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը: Յիշեցնենք, որ Ֆրանսան կը մեղադրէ իրանցի դիւանագէտ Ասատոլլա Ա.-ը լրտեսութեան եւ սպանութեան կազմակերպման համար: Զայն կը նկատեն Ֆրանսայի մէջ իրանցի ընդդիմադիրներու դէմ ահաբեկչական կանխարգիլուած յարձակումին կազմակերպիչ: Նախապէս Ֆրանսան նաեւ որոշում տուած էր սառեցնելու երկու իրանցի գործարարի դրամատնային հաշիւները:...

Մոսկուա Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Յանձնումը  Կը Յայտարարէ, Իսկ Ուաշինկթըն Զայն  «Վտանգաւոր Մագլցում» Կը Նկատէ

Մոսկուա Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Յանձնումը Կը Յայտարարէ, Իսկ Ուաշինկթըն Զայն «Վտանգաւոր Մագլցում» Կը Նկատէ

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու երէկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին յայտնեց, որ ռուսական ուժերը անցնող ժամերուն ընթացքին ամբողջացուցած են «Էս-300» օդային պաշտպանութեան համակարգերու Սուրիոյ փոխանցումը: Ան աւելցուց, որ սկիզբ առած է սուրիացիներու` այդ համակարգի օգտագործման համար մարզումը, որ պիտի տեւէ երեք ամիս: Ռուսական «Զեւիզտա» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւէր Սուրիոյ մէջ նշեալ համակարգերուն «Ան-124 ռուսլան» տիպի բեռնատար...

Հաչիսըն. «Ռուսիոյ Դէմ Կանխարգելիչ  Հարուածի Մասին Չխօսեցայ»

Հաչիսըն. «Ռուսիոյ Դէմ Կանխարգելիչ Հարուածի Մասին Չխօսեցայ»

ՕԹԱՆ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քէյ Պէյլի Հաչիսըն Ռուսիան հարուածելու վերաբերեալ իր խօսքը բացատրելով յայտնեց. «Չխօսեցայ Ռուսիոյ դէմ կանխարգելիչ հարուածի մասին: Արտայայտած մտքիս ամփոփումը այն է, որ Ռուսիան պէտք է վերստին յանձնառու դառնայ միջին եւ կարճ հասողութեամբ հրթիռներու շուրջ համաձայնագիրին, այլապէս պէտք է Միացեալ Նահանգներու եւ ՕԹԱՆ-ի շահերը պաշտպանելու համար Ռուսիոյ կարողականութեան համազօր կարողականութիւն ունենանք»: Հաչիսըն յայտարարած էր, թէ Միացեալ...

«Թուրքիան Արդէն Շատ Ուշացուցած Է  Ամերիկացի Պատուելիի Արտայանձնումը»  Կ՛ըսէ Նոուըրթ

«Թուրքիան Արդէն Շատ Ուշացուցած Է Ամերիկացի Պատուելիի Արտայանձնումը» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

Միացեալ Նահանգներ յոյսով են, որ Թուրքիոյ մէջ կալանքի տակ գտնուող ամերիկացի պատուելի Էնտրիւ Պրանսըն շուտով պիտի վերադառնայ հայրենիք: Ըստ ամերիկեան կողմին, Թուրքիան արդէն շատ ուշացուցած է պատուելիին արտայանձնումը: Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ: Պատասխանելով մամլոյ ասուլիսի մասնակից լրագրողներէն մէկուն հարցումին, թէ արդեօք ճի՞շդ են այն լուրերը, թէ...

Փենթակոն. «Սուրիոյ Մէջ Եփրատի Արեւելեան  Ափի Իրանեան Հրթիռակոծումը  Անպատասխանատու Քայլ Մըն Էր»

Փենթակոն. «Սուրիոյ Մէջ Եփրատի Արեւելեան Ափի Իրանեան Հրթիռակոծումը Անպատասխանատու Քայլ Մըն Էր»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը Իրանի կողմէ Սուրիոյ մէջ Եփրատ գետի արեւելեան ափը թեւաւոր հրթիռներով հրթիռակոծելը նկատեց «քաղաքային եւ զինուորական թռիչքներուն սպառնալիք մը» եւ «անպատասխանատու քայլ մը»: Նախարարութեան բանբեր Շոն Ռապըրթսըն յայտնեց, որ Իրան արեւելեան Սուրիոյ մէջ թիրախներու դէմ յարձակում գործած է առանց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքի հետ համակարգում կատարելու` աւելցնելով, որ իրենք արժեւորումը կը կատարեն յարձակումին, հակառակ այն...

Ըստ Ռուսական «Իյն24» Օրաթերթին`  Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւեր  Սուրիոյ Մէջ «Էս-300»-ները Կը Փնտռեն

Ըստ Ռուսական «Իյն24» Օրաթերթին` Ամերիկեան Հետախուզական Օդանաւեր Սուրիոյ Մէջ «Էս-300»-ները Կը Փնտռեն

Ռուսական «Իյն24» ելեկտրոնային օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան հետախուզական օդանաւերը Միջերկրական ծովուն վերեւ Սուրիոյ ծովեզերքին մօտ թռիչքներ կը կատարեն: Օրաթերթը օդանաւերու թռիչքներու շարժումներուն հետեւող արեւմտեան լրատուական աղբիւրներու յղում կատարելով հաղորդեց, որ ամերիկեան օդուժին պատկանող «Առ.Սի.135Վի» տիպի հետախուզական օդանաւ մը կը շարունակէ Սուրիոյ Թարթուս նաւահանգիստին մօտ հետախուզական թռիչքներ կատարել: Նշեալ օդանաւը թռիչք առած է յունական Կրետէ կղզիէն եւ երկուշաբթի օր թռիչք կատարած...

Վենեզուելայի Փոխնախագահը Տնտեսական  Հարցերով Մեկնած Է Ռուսիա Եւ Թուրքիա`  «Կարեւոր Համաձայնութիւններ» Ձեռք Բերելու Համար

Վենեզուելայի Փոխնախագահը Տնտեսական Հարցերով Մեկնած Է Ռուսիա Եւ Թուրքիա` «Կարեւոր Համաձայնութիւններ» Ձեռք Բերելու Համար

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտնած է, որ երկրի տնտեսական հարցերով փոխնախագահ Թարեք Այսամին մեկնած է Ռուսիա եւ Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Անոր այցելութեան նպատակն է մինչեւ տարեվերջ տնտեսական եւ ելեւմտական կարեւոր համաձայնութիւններու հասնիլը: Վերջին տարիներուն հարաւամերիկեան պետութիւնը ընկերային-տնտեսական խոր ճգնաժամի մէջ է: Միջազգային դրամական ֆոնտը Վենեզուելայի մէջ մինչեւ տարեվերջ 1 միլիոն առ հարիւրի գնաճ նախատեսած է:...

Page 577 of 884 1 … 576 577 578 … 884

Արխիւներ