Դատարանը աւստրիական Քլակենֆուրթ քաղաքի այգեպաններէն մէկը դատապարտած է մէկ տարի բանտարկութեան եւ 20 հազար եւրօ տուգանքի` մեղուներու կանխամտածուած սպանութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Իզվեսթիա» օրաթերթը:
47 տարեկան տղամարդը իր միրգերու ծառերուն պաշտպանութեան համար օգտագործած է քորփիրիֆոս միջատասպան քիմիական նիւթը, որուն պատճառով սատկած է այդ շրջանի մեղուաբոյծներուն պատկանող մեղուներուն զգալի մասը:
Դատարանը եկած է այն եզրակացութեան, որ տղամարդը չէր կրնար չգիտնալ այդ թունաւոր քիմիականի վնասին մասին: Բացի ատկէ, անոր այդ քայլը կրնար վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ նաեւ հետագային թունաւոր մեղր օգտագործած մարդոց համար:
Այգեպանը համաձայն չէ դատարանի որոշումին եւ մտադիր է բողոքարկել զայն:



