Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրեմլին Կը Հաստատէ Սուրիոյ «Էս-300»-ներու Յանձնման Ամբողջացումը

October 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին հաստատեց, որ Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային համակարգերու յանձնումը ամբողջացած է:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Ռուսիոյ դաշնակցային անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն հետ ժողովի ընթացքին յայտարարած էր, թէ այդ առնչութեամբ բոլոր աշխատանքները եւ «Էս-300»-ները մէկ համակարգի կցելը պիտի ամբողջանան մինչեւ 20 հոկտեմբեր:

Ան նշած էր, որ սուրիացի զինուորներու մարզումը պիտի տեւէ երեք ամիս եւ արդէն սկսած է:

Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտարարած է, թէ Իսրայէլ ի վիճակի չէ հարուածելու Սուրիա բերուած ռուսական «Էս-300» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«Ես չեմ կարծեր, որ իսրայէլացիները ընդունակ են որեւէ լուրջ քայլի», ըսած է ան` ընդգծելով, որ «Էս-300»-ներու Սուրիոյ մէջ ներկայութիւնը Ռուսիոյ լիիրաւ իրաւունքն է, մանաւանդ` ռուսական օդանաւի դէմ յարձակումէն ետք:

Իսրայէլի շրջանային համագործակցութեան նախարար Ցախի Հանեկպի նախապէս յայտարարած էր, թէ «Էս-300»-ներու Սուրիոյ մատակարարումը որեւէ ձեւով պիտի չազդէ Իսրայէլի օդուժի օգտագործած «Էֆ-35»-երու արդիւնաւէտութեան վրայ:

Նախորդը

Ուաշինկթըն Ռիատի Կոչ Կ՛ուղղէ Խաշըկժիի Անհետացման Շուրջ Համապարփակ Հետաքննութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Պայթում` Ուքրանիոյ Զինամթերքի Մեծ Պահեստի Մէջ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.