ՕԹԱՆ սկսած է Մոնթենեկրոյի օդային տարածութեան հսկողութեան: «Արմէնփրես», յղում կատարելով «Ինթըրֆաքս»-ին կը հաղորդէ, որ այս մասին 8 հոկտեմբերին յայտնած է ՕԹԱՆ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Գործողութիւնը կ՛իրականացուի իտալական եւ յունական կործանիչներուն մասնակցութեամբ:
«Օդային տարածքի հսկողութիւնը, որ կ՛իրականացնէ ՕԹԱՆ-ը, երկարաժամկէտ առաքելութիւն է, որ ուղղուած է դաշինքի անդամ երկրի օդային տարածութեան անձեռնմխելիութեան ապահովման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: