Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկաստանը Պիտի Շարունակէ Իրանէն Քարիւղ Գնել` Հակառակ Միացեալ Նահանգներու Հաւանական Պատժամիջոցներուն

October 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հնդկական ընկերութիւնները 4 նոյեմբերէն ետք պիտի շարունակեն անմշակ քարիւղ գնել Իրանէն, հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաւանական առարկութիւններուն ու պատժամիջոցներուն: «Արմէնփրես» կը նշէ, թէ «Էն.Տի.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ մասին յայտարարած է Հնդկաստանի քարիւղի նախարար Տհարմենտրա Փրատհանը:

«Մեզի անհրաժեշտ է բաւարարել մեր երկրի պահանջները: Մեր շարք մը ընկերութիւնները արդէն համաձայնած են նոյեմբերի մասնաբաժիններուն շուրջ», ըսած է ան Նիւ Տելհիի մէջ տեղի ունեցած ուժանիւթային ընդհանուր ժողովի ընթացքին:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ աշխարհի ղեկավարները նկատի ունենան մեր պահանջները», աւելցուցած է հնդիկ նախարարը:

Միացեալ Նահանգներ մայիսին Իրան-Վեցեակ համաձայնագիրէն դուրս գալէ ու Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման մասին յայտարարելէ ի վեր կը փորձեն համոզել իրենց դաշնակիցները, որոնց շարքին նաեւ Հնդկաստանը, մինչեւ 4 նոյեմբեր ամբողջովին հրաժարելու իրանեան քարիւղի ներածումէն: Հնդկական կողմը իր կարգին կը պնդէ, որ առանց որեւէ փոխարինման, այդ ուժանիւթի մատակարարումներու դադրեցումը յանգի Հնդկաստանի մէջ քարիւղի գիներու կտրուկ աճի` մէկ տակառին գինը բարձրացնելով շուրջ 6 տոլարով:

Մէկ օր առաջ «Ռոյթըրզ», յղում կատարելով ամերիկեան կառավարութեան աղբիւրի մը, հաղորդած էր, որ ամերիկեան վարչակազմը կը սերտէ Իրանէն քարիւղի ներածումներու համար պատժամիջոցները թուլացնելու կարելիութիւնը: Այդ պատժամիջոցները կը կրճատեն քարիւղի գնումները Թեհրանէն:

«Ռոյթըրզ»-ի տուեալներով` Միացեալ Նահանգներ կը սերտեն պատժամիջոցներու հարցին մէջ զիջումներու  դիմելու կարելիութիւնը եւ պատրաստ են անհատական կարգով աշխատելու այն երկիրներուն հետ, որոնք կը կրճատեն ներածումը:

 

 

Նախորդը

Ով Է Դաշնակցականը, Դաշնակցականի Մերօրեայ Առաքելութիւնը Հայրենիքում

Յաջորդը

Քիմ Եոնկ Ըն Ֆրանչիսկոս Պապը Հրաւիրած Է Հիւսիսային Քորէա

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.