Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Իրանի Կեդրոնական Դրամատան. Ամերիկեան Նոր Պատժամիջոցները Մեծ Ազդեցութիւն Պիտի Չունենան Իրանի Վրայ

October 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նոր պատժամիջոցները, որոնք կրնան ուժի մէջ մտնել նոյեմբերին, մեծ ազդեցութիւն պիտի չունենան Իրանի ելեւմտական ու քարիւղի արտադրութեան գործունէութեան վրայ: Այդ մասին «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած է Իրանի իսլամական հանրապետութեան կեդրոնական դրամատան ղեկավար Ապտոլնասեր Հեմաթի:

«Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը արդէն ըրած է այդ ամէնը, ինչ որ կ՛ուզէր ընել: Սահմանափակումներու առնչուած հիմնական աշխատանքը, որով անոնք ամէն օր կը զբաղին, Իրանի ելեւմտական գործունէութիւնը եւ իրանեան քարիւղի արտածումը խանգարելն է: Ըստ իս, նոյեմբերին ոչ մէկ առանձնայատուկ բան տեղի պիտի ունենայ», ըսած է Իրանի կեդրոնական դրամատան կառավարիչը:

«Ես միայն կրնամ ըսել, որ անոնք չյաջողեցան խոչընդոտներ ստեղծել Իրանի ելեւմտական ու քարիւղի արտադրութեան գործունէութեան համար: Կրնամ ըսել, որ յաջողութեան հասնելու համար անոնք հիմք չունին», ըսած է Հեմաթի` ամփոփելով Ռուսիա իր կատարած այցելութեան արդիւնքները:

Նախապէս Իրանի քարիւղի ազգային ընկերութեան ղեկավար Աքի Քարտոր յայտարարած էր, թէ Թեհրան չի ծրագրեր նուազեցնել նաւթի արտադրութեան ծաւալը, հակառակ Միացեալ Նահանգներու կողմէ նոր պատժամիջոցներու սահմանումի սպառնալիքին: Անոր համաձայն, Իրան պիտի շարունակէ արտադրութիւնը` «օգտագործելով իր ունեցած բոլոր հզօրութիւնները», եւ երկիրը խնդիրներ պիտի չունենայ քարիւղի վաճառքէն դրամական միջոցներու ստացման հարցին մէջ: «Եւրոպական Միութեան հետ համաձայնագիրի կնքման համար Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան գործադրած ջանքերը ուղղուած են այդ խնդիրի լուծման տարբեր միջոցներու ստեղծման», աւելցուցած է Քարտոր:

Իր կարգին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու  կողմէ կիրարկուող պատժամիջոցները ուղղուած են ոչ թէ Իրանի իշխանութիւններուն, այլ անոր ժողովուրդին ու յառաջընթացին դէմ: Պատժամիջոցները «ունին միայն մէկ ազդեցութիւն, անոնք կը բարդացնեն իրանցի ժողովուրդի առօրեայ բնականոն կեանքը», ըսած է Ռուհանի` աւելցնելով, որ Իրանի հետ առեւտուրը պաշտպանող երրորդ երկիրներուն պատժամիջոցներով սպառնալով` Միացեալ Նահանգներ կը փորձեն կանգնեցնել Իրանի յառաջընթացը:

«Ատիկա ոչ մէկ օգուտ կը բերէ Միացեալ Նահանգներուն, Իրանին կամ ամբողջ շրջանին», նշած է Իրանի նախագահը` աւելցնելով. «Պատմութիւնը ցոյց պիտի տայ, որ այժմ Միացեալ Նահանգներ մեծ սխալ կը գործեն»:

Ռուհանի ըսած է, որ պատժամիջոցներու սահմանումով Միացեալ Նահանգներ կը խոչընդոտեն համաշխարհային առեւտրատնտեսական համագործակցութեան բնականոն զարգացումը, ուստի անոնք «հեռանկարին մէջ պիտի չկարենան այդպիսի ճնշում գործադրել երկար ժամանակ, ատիկա պիտի չնպաստէ այն նպատակին իրագործման», որ ճշդած է Ուաշինկթըն:

 

 

Նախորդը

«Սերպիան Զինուորական Առումով Չէզոք Պիտի Մնայ, Սակայն Պիտի Համագործակցի Օթան-Ի Հետ» Կ՛ըսէ Վուչիչ

Յաջորդը

Պրազիլի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Երկրորդ Փուլ

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.