Պրազիլի մէջ տեղի պիտի ունենայ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Պրազիլի Գերագոյն ընտրական դատարանի նախագահ Ռոզա Վեպերի յայտարարութեան համաձայն, երկրորդ փուլին պիտի պայքարին Ընկերային-ազատական կուսակցութեան թեկնածու Ժայիր Պոլսոնարուն եւ Բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Սաօ Փաուլոյի նախկին քաղաքապետ Ֆեռնանտու Ատատը:
Կիրակի, 7 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, թեկնածուներէն ոչ մէկը կրցած է ապահովել քուէներուն 50 առ հարիւրէն աւելին, ուստի անհրաժեշտ է ընտրութիւններու երկրորդ փուլ կատարել:
Քուէներու հաշուարկը ցոյց տուած է, որ Պոլսոնարուն հաւաքած է քուէներուն 46 առ հարիւրը, իսկ Հատտատը` 28 առ հարիւրը:
Նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ երեք շաբաթ ետք` 28 հոկտեմբերին: