Պիելոռուսիան պիտի ձգտի մեծ դեր խաղալու Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ տագնապներու լուծման գործին մէջ: «Արմէնփրես», յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան, կը հաղորդէ, որ այդ մասին 9 հոկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկըրի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն:
«Պիելոռուսիան առաջուան նման պիտի ձգտի աւելի մեծ դեր խաղալ լուծման գործին մէջ այնպիսի տագնապներու, որոնք, ցաւօք, մեր եւրոպական, եւրասիական ցամաքամասին վրայ գոյութիւն ունին», ըսած է Լուքաշենքօ: Անոր համաձայն, Պիելոռուսիան «այս բարդ ու հակասական աշխարհի վրայ հանդէս կու գայ եւ միշտ եկած է երկխօսութեան օգտին, որ հաղորդակցութեան գլխաւոր միջոցն է ժողովուրդներու, պետութիւններու ղեկավարներու միջեւ, պետութիւններու միջեւ ընդհանրապէս»:
Մինսք 9-10 հոկտեմբերին կը հիւրընկալէ բարձր մակարդակի միջազգային խորհրդաժողով մը, որ նուիրուած է ահաբեկչութեան կանխարգիլման եւ ատոր դէմ պայքարի հարցերուն:
Այդ նպատակով Պիելոռուսիա կ՛այցելէ ԵԱՀԿ-ի, ՄԱԿ-ի հակաահաբեկչութեան վարչութեան, ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչներու եւ յանցագործութեան դէմ պայքարի վարչութեան ղեկավարութիւնը: Բացի ատկէ, խորհրդաժողովին կը մասնակցին ԵԱՀԿ-ի երկիրներու եւ գործընկերներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, ԱՊՀ-ի եւ ՀԱՊԿ-ի ղեկավարութիւնը, հեղինակաւոր վերլուծական կառոյցներու ներկայացուցիչները:



