Եւրոպական Միութեան եւ «Արեւելեան գործընկերութեան» ծրագիրի երկիրներ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ յաջորդ վեհաժողովը կրնայ տեղի ունենալ 2020 թուականին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Եոհաննես Հանը` ամփոփելով Լիւքսամպուրկի մէջ վեց երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հետ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները:
«Ամէնէն հաւանականը այն է, որ անիկա տեղի պիտի ունենայ 2020 թուականին: Սակայն մենք տակաւին ատիկա կը քննարկենք», ըսած է Հան:
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի իր կարգին ընդգծած է, որ յաջորդ տարի Եւրոպական Միութիւնը եւ «արեւելեան գործընկերները» Պրիւքսելի մէջ պիտի նշեն ծրագիրի տասնամեակը: «Ատիկա լաւ կարելիութիւն է հաւաստելու մեր յանձնառութիւնը եւ նախապատրաստուելու տասնամեայ տարեդարձին` 2019 թուականին, ինչպէս նաեւ ամփոփելու «մինչեւ 2020 թուական 20 առաջադրանքի» իրականացման արդիւնքները», աւելցուցած է ան:



