Թուրք քննիչներու խումբը աւարտեց Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանի տարածքին մէջ խուզարկութեան աշխատանքները, որոնք կը վերաբերին հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք անհետացած սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի հարցին:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ խումբը հիւպատոսարանի տարածքին մէջ մնացած է 9 ժամ 10 վայրկեան` այդ ընթացքին խուզարկելով ո՛չ միայն հիւպատոսութեան շէնքի ներսը, այլ նաեւ հողային ամբողջ տարածքը: Խումբը հիւպատոսարանի տարածք մուտք գործած է երեկոյեան ժամը 19:15-ին եւ դուրս եկած` առաւօտեան ժամը 4:25-ին:
Լրագրողներու տեսախցիկները նկարած են, որ թուրք մասնագէտները խուզարկութեան աշխատանքներու ընթացքին օգտագործած են ոստիկանական շուներ, ինչպէս նաեւ ծինային նմուշներ վերցուցած են թէ՛ հիւպատոսարանի սենեակներու որոշ իրերէ, թէ՛ այգիի հողէն:
Թրքական ոստիկանութենէն աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ նոյն հարցով պիտի խուզարկուի նաեւ Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսի բնակարանը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Խաշոկճիի հարցով համապարփակ ու թափանցիկ հետաքննութեան նկատմամբ թագաւորին յանձնառութեան համար:



