Յորդանանի տեղեկատուութեան նախարար եւ կառավարութեան բանբեր Ժումանա Ղունէյմաթ յայտարարեց, թէ այսօր պիտի վերաբացուի Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը:
Ղունէյմաթ նշեց, որ յորդանանեան-սուրիական թեքնիք յանձնախումբը երէկ Ժապեր սահմանային կեդրոնին մէջ իր գումարած ժողովի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցած է երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքը բանալու համար անհրաժեշտ նկատուող վերջին քայլերուն շուրջ:
Ըստ համաձայնութեան, երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային անցքը պիտի վերաբացուի այսօր:
Ղունէյմաթ նշեց, որ Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը Յորդանանի եւ Սուրիոյ միջեւ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան շատ կարեւոր ուղի մըն է:
Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար հասատատեց, որ Յորդանանի հետ համաձայնութիւն գոյացած է Ժապեր-Նասիպ սահմանային անցքը այսօրուընէ սկսեալ բանալու շուրջ:



