Բոլոր շահագրգիռ կողմերը պէտք է աջակցին Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ընի որոշած ապահիւլէականացման հոլովոյթին: Այս մասին յայտարարած է Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ին` ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Մենք պէտք է Քիմ Եոնկ Ընին վստահեցնենք, որ ան ճիշդ որոշում տուած է` բռնելով ապահիւլէականացման ուղին, եւ անոր օգնենք իրականացնելու երկարատեւ եւ վստահելի խաղաղութեան հաստատման իր ձգտումը», յայտարարած է Հարաւային Քորէայի նախագահը:
Ան նոյն ատեն ընդգծած է Քիմ Եոնկ Ընի «անկեղծութիւնը, պարզութիւնը, հանգստութիւնն ու քաղաքավարութիւնը»:
«Այս տարուան ընթացքին տեղի ունեցած մեր երեք հանդիպումներուն շնորհիւ ես կրնամ փաստել, որ ան շահագրգռուած է թերակղզիին հարաւը եւ հիւսիսը խաղաղութեան հաստատումով ու բարգաւաճումով», ընդգծած է Մուն Չժէ Ին` աւելցնելով, որ հիւսիսային քորէացի ղեկավարը իր ամբողջ ներուժը կը յատկացնէ իր երկրի տնտեսական զարգացման, եւ ոչ թէ` հիւլէական զէնքի ստեղծման:



