Իրանեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 4:00-5:00-ին Փաքիստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող Լոլքատան շրջանէն առեւանգուած են Պասիժի, Յեղափոխական պահակագունդի եւ սահմանապահ ուժերու անդամ 14 զինուորներ:
Ըստ ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան, սահմանային կեդրոնին դէմ յարձակումին ու զինուորներու առեւանգման պատասխանատուութիւնը ստանձնած է «ահաբեկչական Արդարութեան բանակը»:
Նշենք, որ Լոլքատան շրջանը կը գտնուի սահմանամերձ Միր ժաուա քաղաքէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:



