Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ այն կարծիքին է, որ իր երկրի դաշնակիցներէն ոչ մէկը այնքան թշնամաբար կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներուն, որքան Եւրոպական Միութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը այդ մասին յայտարարած է «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին:
«Ի՞նչ կը նշանակէ դաշնակից: Մենք հիանալի յարաբերութիւններ ունինք շատերու հետ: Սակայն ոչ ոք մեզի հանդէպ այնքան վատ կը վարուի, որքան Եւրոպական Միութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը ստեղծուած է, որպէսզի առեւտուրի ոլորտին մէջ օգտուի մեզմէ, իսկ անոնք ճիշդ այլ բան կատարեցին», ըսած է Թրամփ:
Հաղորդավարը նշած է, որ Թրամփի յայտարարութիւնները թշնամական կը հնչեն: «Գիտէք` ինչը թշնամական է: Այն, որ անոնք ինչպիսի՞ կեցուածք որդեգրած են մեզի նկատմամբ: Մենք չենք, որ թշնամաբար տրամադրուած ենք», նշած է ան:
«Ճիշդ մենք էինք, որ երկար տարիներ կը գտնուէինք յիմար երկրի վիճակին մէջ», աւելցուցած է Թրամփ: