Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Ներքին Հետաքննութիւն Յանձնարարեց. Գերմանիան, Բրիտանիան Եւ Ֆրանսան Խաշոկճիի Հարցով Յստակ Պատասխաններ Կ՛ակնկալեն Սէուտական Արաբիայէն

October 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակած են Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործելէ ետք անհետացած սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող, «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի թղթակից Ժամալ Խաշոկճիի գործով` շեշտելով, որ յստակ պատասխան կ՛ակնկալեն Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններէն:

Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ միացեալ յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ անիկա կ՛արտայայտէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն եւ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն մտահոգութիւններն ու պահանջները:

Ըստ յայտարարութեան հեղինակներուն, այս գործին մէջ կարիք կայ անաչառ եւ վստահելի հետաքննութեան, որ պիտի բացայայտէ միջադէպի մեղաւորներն ու ապահովէ անոնց պատիժը:

Երեք երկիրներու միացեալ յայտարարութիւնը յանձնուած է Սէուտական Արաբիոյ համապատասխան մարմիններուն:

Սէուտցի լրագրողը, որ 2017-էն ի վեր բնակած է Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ աշխատած իբրեւ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ» ազդեցիկ օրաթերթի թղթակից, անհետացած էր 2 հոկտեմբերին:

Զինք վերջին անգամ տեսած են Պոլսոյ մէջ Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարան մուտք գործած ատեն: Ըստ թրքական ոստիկանութեան վարկածին, սէուտցի լրագրողը սպաննուած է հիւպատոսարանի շէնքին մէջ:

Սէուտական հիւպատոսարանը կը հերքէ սպանութեան վարկածը եւ կը շարունակէ պնդել, թէ լրագրողը շէնքէն դուրս եկած է եւ ատկէ ետք միայն կորսուած:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը երէկ իր երկրին ընդհանուր դատախազին յանձնարարեց Խաշոկճիի անհետացման շուրջ ներքին հետաքննութեան ձեռնարկել:

 

Նախորդը

«Չինաստանը Միացեալ Նահանգներու Մէջ Տեղի Ունենալիք Ընտրութիւններուն Համար Աւելի Լուրջ Վտանգ Կը Ներկայացնէ, Քան Ռուսիան» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Շնորհակալական Աղօթք Ուքրանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Անկախութեան Շնորհման Համար Ազգայնական Խումբերու Կողմնակիցներու Քայլարշաւ Քիեւի Մէջ

RelatedPosts

Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.