Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու քննադատած է երկրի դպրոցներուն մէջ աշակերտական երդման վերականգնումը: Ըստ անոր, ատիկա 1930-ական թուականներուն գործած բռնատիրական վարչակարգին ստեղծած պարտադրանքն էր, որ մեր օրերուն կիրարկելը անընդունելի է:
«Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ նախկին վարչապետը նշած է, թէ 2013 թուականին իրենք ջնջած են այդ պարտադրանքը` զայն համարելով մանկավարժական մեթոտաբանութեան ոչ յարիր, իսկ գործող իշխանութիւնները այժմ ատոր վերականգնմամբ ջուրը կը նետեն նախապէս արձանագրուած ժողովրդավարական ձեռքբերումները:
«Թուրքիոյ` դժուար պայքարի իբրեւ արդիւնք, ձեռք բերուած ժողովրդավարական նուաճումները պէտք է խնամքով պահպանուին: Ժողովուրդի ներուժը պէտք չէ վատնուի անջատողական վիճաբանութիւններով», ըսած է Տաւութօղլու:
Նշենք, որ «Թուրք եմ, ազնիւ եմ, աշխատասէր եմ» աշակերտական երդումը, որ տասնամեակներ պարտադրուած է Թուրքիոյ բոլոր դպրոցներուն եւ ջնջուած 2013-ին, կը պարտադրուի նաեւ Պոլսոյ հայ համայնքի բոլոր դպրոցներուն: