Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Ճոն Պոլթըն Մոսկուայի մէջ իր ունեցած հանդիպումներու աւարտին յայտարարեց. «Մոսկուայի մէջ ռուս պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներս շատ արդիւնաւէտ եւ մանրամասն էին»:
«Ամերիկեան կողմը հետաքրքրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ Փարիզի մէջ հանդիպումով», ըսաւ ան:
«Մոսկուայի մէջ հանդիպումները կը վերաբերէին երկու երկիրներուն միջեւ ամբողջ յարաբերութիւններուն եւ անոնց նպատակը երկխօսութիւնը արդիականացնելն էր», նշեց Պոլթըն` աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի միջեւ համակարգումը ընդլայնելու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:
«Մոսկուան եւ Ուաշինկթընը կը շարունակեն գործադրել Հելսինքիի մէջ երկու նախագահներուն գոյացուցած համաձայնութիւնները, ներառեալ` ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով միջին եւ կարճ հասողութեամբ հրթիռներու դաշնագիրէն Ուաշինկթընի հեռանալուն, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը նշեց. «Հրթիռներու վերաբերող դաշինքէն դուրս գալերնէս ետք տակաւին հեռու ենք Եւրոպայի մէջ մեր հրթիռները տեղակայելու վերաբերեալ վերջնական որոշումէն»:



