Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Այսօր Պիտի Բացայայտէ Խաշոկճիի Հարցով «Ամբողջ Ճշմարտութիւնը». Թրամփ-Էրտողան` Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեցին սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան բոլոր ծալքերը բացայայտելու կարեւորութիւնը: Այս մասին հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:

Երկու երկիրներու նախագահները նաեւ ընդգծեցին Իտլիպի շուրջ գոյացած համաձայնութեան, Մընպեժի հարցով ճամբու քարտէսի գործադրութեան կարեւորութիւնը, պատուելի Պրանսընի հարցին իրաւաբանական հոլովոյթը, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան, ներառեալ Կիւլենի կազմակերպութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Նշենք, որ երէկ նոյն հարցով տեղի ունեցաւ նաեւ Չաւուշօղլու – Փոմփէօ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:

Էրտողան կիրակի օր յայտարարած էր, որ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով «ամբողջ ճշմարտութիւնը» պիտի բացայայտէ այսօր` Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակցութեան ժողովի ընթացքին:

«Մենք այս հարցով արդարութեան կը ձգտինք, եւ այդ մէկը պիտի իրականանայ ամբողջական ճշմարտութեան մէջ, եւ ոչ թէ` կարգ մը սովորական քայլերով, այլ ամբողջ ճշմարտութեան բացայայտումով», ըսած էր ան:

«Մենք արդարութեան կը ձգտինք եւ իրականութիւնը պիտի բացայայտենք ամենայն յստակութեամբ», յայտարարած էր Էրտողան` հարց տալով. «Ինչո՞ւ 15 անձ Թուրքիա եկաւ, եւ ինչո՞ւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ 18 անձ ձերբակալուեցաւ: Հարկ է այդ մէկը մանրամասնօրէն բացատրել»:

Միջազգային Ընտանիքը Չէ Գոհացած Խաշոկճիի Սպանութեան Գործով
Ռիատի «Անբաւարար» Յայտարարութենէն

Միջազգային ընտանիքը կը դատապարտէ Սէուտական Արաբիոյ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ մանրակրկիտ հետաքննութիւն կատարելու անոր մահուան հանգամանքներուն շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ուրբաթ ուշ գիշերին Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները հաստատեցին թագաւորութեան քննադատ Ժամալ Խաշոկճիի սպանութիւնը: Ըստ թագաւորութեան պաշտօնական վարկածին, 2 հոկտեմբերին Խաշոկճին ծեծկռտուք հրահրած է Պոլսոյ մէջ սէուտական հիւպատոսարանին մէջ զինք դիմաւորած անձերուն հետ, այդ պատճառով ալ սպաննուած է: Հաղորդուած է 18 ձերբակալուածի եւ երկու պաշտօնանկութեան մասին:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ կը դատապարտէ «այդ յանցագործութիւնը ամէնէն վճռական ձեւով» եւ Ռիատէն կը պահանջէ ազնուօրէն պատմել լրագրողի սպանութեան հանգամանքներուն մասին եւ պատասխանատուութեան ենթարկել մեղաւորները: Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը շաբաթ օր յայտարարած էր հետաքննութեան փուլին մէջ Սէուտական Արաբիոյ սպառազինութիւններու մատակարարման հաւանական ջնջման մասին:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւս մանրակրկիտ հետաքննութեան կոչ ուղղած է:

Ֆրանսան իր հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշէ, թէ թագաւորութեան կարծր ընդդիմախօսի սպանութեան գործին մէջ բազմաթիւ հարցումներ կը մնան «անպատասխան»:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Քրիսթինա Ֆրիլանտ Ռիատի ներկայացուցած բացատրութիւնները նկատած է «ոչ հետեւողական եւ անբաւարար»:

Աւստրալիոյ վարչապետը յոյս յայտնած է, որ «Սէուտական Արաբիոյ կառավարութիւնը գործը հետաքննելու հարցին մէջ լիովին պիտի համագործակցի թրքական իշխանութիւններուն հետ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողի սպանութեան վերաբերեալ Սէուտական իշխանութիւններուն յայտարարութիւնը ճշմարտութիւնը բացայայտելու ճամբուն վրայ «առաջին կարեւոր քայլ» նկատած է, սակայն աւելցուցած է, որ պատասխանէն «բաւարարուած չէ»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ուշադիր կը հետեւի հետաքննութեան ընթացքին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի աշխատակազմն ալ կ՛ընդգծէ «խոր մտահոգութիւնը»` կոչ ուղղելով հետաքննելու Խաշոկճիի սպանութիւնը:

Նախորդը

Ըստ Սէուտական Արաբիոյ Ուժանիւթի Նախարարին. Որեւէ Երաշխիք Չկայ, Թէ Նաւթի Տակառին Գինը Պիտի Չշրջանցէ 100 Տոլարը

Յաջորդը

Պասիլի Համաձայն, Մօտ Օրէն Պիտի Կազմուի Ազգային Միասնականութեան Կառավարութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.