Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուաշինկթընի Կողմէ ՔԱԿ-ի Աջակցութիւնը Հիմնական Պատճառն Է Յարաբերութիւններու Լարուածութեան» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

October 24, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ իր երկրին ու Միացեալ Նահանգներուն միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան հիմնական պատճառը Ուաշինկթընի կողմէ ՔԱԿ-ի տրամադրուող աջակցութիւնն է, եւ ոչ թէ պատուելի Անտրիւ Պրանսընի հարցը:

«Միացեալ Նահանգներու` Պրանսընի հարցով, Թուրքիոյ դէմ հաստատած պատժամիջոցները անհեթեթ էին եւ որեւէ ազդեցութիւն կամ օգուտ չունեցան, այլ նպաստեցին երկու կողմերուն միջեւ լարուածութեան մագլցման», ըսաւ ան` նշելով, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցը` Մայք Փոմփէոն, քանի մը օր առաջ Անգարա կատարած այցելութեան ընթացքին յայտնած է, թէ Ուաշինկթըն յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները ջնջելու ուղղութեամբ քայլերու պիտի դիմէ:

«Թրքական արդարադատութիւնը Պրանսընի հարցով իր վերջին խօսքը ըսաւ եւ անոր` բանտին մէջ անցուցած ժամանակը նկատի առնելէ ետք ազատ արձակեց պատուելին», յայտնեց Չաւուշօղլուն` նշելով, որ այդ մէկը նպաստած է յարաբերութիւնները քիչ մը բարելաւելու:

«Թուրքիան միշտ կ՛ուզէ իր յարաբերութիւնները կառուցել առողջ ենթահողի վրայ, սակայն իրատես ըլլանք, երկու կողմերուն միջեւ յարաբերութեան լարուածութեան պատճառը Ուաշինկթընի կողմէ ՔԱԿ-ին տրամադրուած աջակցութիւնն է եւ Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ որեւէ քայլի չդիմելը», ըսաւ թրքական դիւանագիտութեան պետը:

«Թուրքիոյ դէմ յեղաշրջումի փորձ կատարած Կիւլենի կազմակերպութեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ապաստան տալը չենք կրնար ընդունիլ: Ժամանակը հասած է, որ Ուաշինկթըն այդ գծով քայլերու դիմէ: Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրի ՔԱԿ-ին աջակցելէ եւ գործադրէ Մընպեժի շուրջ ճամբու քարտէսի բոլոր կէտերը», նշեց Չաւուշօղլու:

 

 

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ Իր Հանդիպումներուն Աւարտին. Պոլթըն. «Սուրիոյ Մէջ Ուաշինկթընի Եւ Մոսկուայի Միջեւ Համակարգումը Ընդլայնելու Համաձայնութիւն Գոյացաւ»

Յաջորդը

Էրտողան Կ՛առաջարկէ Խաշոկճիի Սպանութեան Մեղսակիցները Դատել Պոլսոյ Մէջ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.