Ռուսիան դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու հիւլէական զէնքերուն շուրջ պաղ պատերազմեան ժամանակաշրջանի համաձայնագիրէն հեռանալու որոշումը եւ սպառնաց հակադարձել այդ «շատ վտանգաւոր քայլ»-ին: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Ասիկա պիտի ըլլայ շատ վտանգաւոր քայլ մը, որ վստահ եմ, ո՛չ միայն միջազգային ընտանիքին կողմէ պիտի չհասկցուի, այլ նաեւ լուրջ դատապարտումի պիտի արժանանայ»:
Ան ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ դաշնագիրը «կարեւոր է միջազգային անվտանգութեան եւ հիւլէական զէնքերու ոլորտին մէջ անվտանգութեան, ռազմավարական կայունութեան պահպանման համար»:
Ռուս նախարարը նաեւ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնեց, որ եթէ Միացեալ Նահանգներ շարունակեն «անճարակօրէն ու խակութեամբ» վարուիլ եւ ետդարձ կատարեն միջազգային համաձայնագիրներէն, «ապա պատասխան քայլերու, ներառեալ զինուորական ճարտարագիտութեան վերաբերող քայլերու դիմելու այլընտրանքը պիտի չունենանք: Սակայն պիտի չուզէինք այդ փուլին հասնիլ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթ օր յայտնեց, որ մտադիր է «վերջ տալ» 1987-ին կնքուած միջին հասողութեամբ հիւլէական ուժերու դաշնագիրին:
Ան յայտարարեց, թէ Ռուսիան «բազմաթիւ տարիներէ ի վեր զայն կը խախտէ»: Թրամփ ըսաւ, թէ իր երկիրը Ռուսիոյ պիտի չարտօնէ զէնքեր արտադրել` «մինչ մեզի նոյնը կատարել արգիլուած է»:
«Չեմ գիտեր ինչո՞ւ նախագահ Օպաման չբանակցեցաւ կամ դուրս չեկաւ» համաձայնագիրէն, ըսաւ Թրամփ Նեւատայի մէջ ընտրական հաւաքէ մը ետք:
Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն այս շաբթուան ընթացքին Մոսկուայի մէջ իր բանակցութիւններուն ընթացքին հաստատէ վերոնշեալ դաշնագիրէն իր երկրին դուրս գալը:
30-ամեայ դաշնագիրը կ՛արգիլէ 500-էն 5500 քիլոմեթր հասողութեամբ ցամաքէ-ցամաք միջին հասողութեամբ հրթիռները:
Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները վերջին հինգ տասնամեակին ընթացքին ստորագրած են իրենց հիւլէական նկատառելի սպառազինութիւնը սահմանափակելու եւ կրճատելու շուրջ շարք մը համաձայնագիրներ: Ըստ փորձագէտներու, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռանըլտ Ռիկընի եւ Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Կորպաչեւի միջեւ 1987-ին կնքուած համաձայնագիրէն հրաժարիլը զէնքերու տարածման սահմանափակման համար նկատառելի հարուած մը պիտի ըլլայ:
Քրեմլին երէկ աւելի ուշ յայտարարեց, թէ ամերիկեան կողմէն բացատրութիւններ կը սպասէ հրթիռներու շուրջ համաձայնագիրէն դուրս գալուն վերաբերեալ:



