Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան երկաթուղիի ստեղծման նախագիծը կը գտնուի մշակման փուլին մէջ: Այդ մասին ազրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Մեհմետ Ճահիտ Թուրհան:
«Ինչպէս յայտնի է, Կարս-Իգտիր-Նախիջեւան երկաթուղին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղային նախագիծին շարունակութիւնն է», ըսած է թուրք նախարարը` նշելով, որ այժմ իրենք կը գտնուին ծրագիրի նախագծման ու աշխատանքներու նախապատրաստական փուլին մէջ:
«Դէպի Նախիջեւան ու Իրան ելքով այս երկաթուղիի կառուցումը կ՛արտօնէ այս տարածքը կապել «Արեւելք-Արեւմուտք» երկաթուղային միջանցքին` Էտիրնէ, Պոլիս, Էսքիշեհիր, Անգարա, Եոզղաթ, Սիվաս, Էրզինջան, Էրզրում ու Կարս քաղաքներու միջոցով», մանրամասնած է Թուրհան:
Նշենք, որ Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղին կառուցուած է Ազրպէյճան-Վրաստան-Թուրքիա միջպետական համաձայնագիրի հիմամբ: