Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ իր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական համախմբումին առջեւ արտասանած խօսքին մէջ առաջարկեց սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան համար ամբաստանուող 18 սէուտցիները դատել Պոլսոյ մէջ` ընդգծելով. «Ոճիրը գործուեցաւ Պոլսոյ մէջ, ուստի կ՛առաջարկեմ 18 անձերէ բաղկացած խմբակը դատել Պոլսոյ մէջ»:
Ան յայտնեց, որ երբ Խաշոկճիի ահաբեկման ոճիրին հարցը սկսաւ բացայայտուիլ, Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը փոխուեցաւ: «Չենք կրնար պատասխանատուութիւնը բեռցնել անվտանգութեան պատասխանատուներուն կամ դիւանագէտներուն ուսերուն, պէտք է ոճիրին պատասխանատուն հաշուետուութեան ենթարկել»:
Էրտողան նշեց, որ խօսած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորին հետ եւ անոր ներկայացուցած ոճիրին վերաբերեալ կարգ մը փաստեր, ինչպէս նաեւ շեշտեց, որ հարկ է ոճիրին շուրջ հետաքննութիւն կատարել:
«Սէուտական Արաբիան այս փուլին կարեւոր քայլ կատարեց, եւ պէտք է մանրամասնութիւններ ներկայացնէ ոճիրը գործած անձերուն մասին եւ զանոնք հաշուետուութեան ենթարկէ», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով, որ ինք վստահ է, որ թագաւորը պիտի գործակցի հարցին հետաքննութեան շուրջ:
«Ուժեղ փաստեր գոյութիւն ունին, որ Խաշոկճիի սպանութիւնը ծրագրուած էր, եւ որ ան սպաննուած է վայրագօրէն», յայտնեց ան:
«Հիւպատոսարանն ու պահարանները լուսանկարչական սարքերուն առջեւ բանալը անհեթեթ թատրոն մըն էր», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահը եւ հարց տուաւ. «Ո՞ւր է Խաշոկճիին դիակը, ո՞վ է զայն անյայտացնող տեղացի գործակիցը, որուն մասին խօսեցաւ Սէուտական Արաբիան: Հարկ է պատասխանել այս հարցումին, եւ այս հարցը կարելի չէ աչքաթող ընել»:
«Թրքական ապահովական մարմինները հիւպատոսարան մուտք գործեցին ոճիրը գործուելէն 17 օր ետք: Թուրքիոյ կեցուածքը կասկածի տակ առնողին կ՛ըսենք, որ պիտի չդադրինք հետապնդելէ եւ պիտի բացայայտենք մանրամասնութիւնները», նշեց ան:
«Ոճիրը գործուեցաւ թրքական հողի վրայ, եւ միջազգային օրէնքը չ՛արտօներ դիւանագիտութեան պիտակին տակ ոճիրներ գործել, ուստի ոճիրին շուրջ հետաքննութիւնը պիտի շարունակուի եւ պիտի չարտօնենք ճշմարտութիւնը թաքցնել», ըսաւ Թուրքիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին յայտնած է, որ ճշմարտութեան բացայայտման շուրջ պէտք է միացեալ կեցուածք որդեգրուի:



