Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուսք Յայտարարած Է Եւրոպական Միութենէն Լեհաստանի Դուրս Գալու «Լուրջ Սպառնալիք»-ի Մասին

November 12, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեհաստանը մօտ է «Փոլեքզիթ»-ի` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն, Պրիւքսելի հետ լուրջ տագնապի պատճառով: Այս կարծիքը յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք, որուն խօսքը կը մէջբերէ բրիտանական «Էքսփրես» օրաթերթը:

Թուսքի համաձայն, գոյութիւն ունի այն «շատ լուրջ սպառնալիքը», որ «Փոլեքզիթ» կրնայ տեղի ունենալ «պատահաբար», եթէ լեհ քաղաքական գործիչները չկարենան լեզու գտնել Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան հետ: Եւրոպական խորհուրդի նախագահը կը կարծէ, թէ Լեհաստանի իշխող կուսակցութեան ղեկավար Եարոսլաւ Քաչինսքի վտանգի եզրին է եւ կրնայ Լեհաստանի` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալը հրահրել ամէնէն պարզ սխալով:

«Ես կը վախնամ, որ Լեհաստանը ամէն գնով Եւրոպայի մէջ պահելու ցանկութիւնը աւելի քիչ է, քան Բրիտանիոյ պարագային: Այնպէս որ կացութիւնը, կարծիքովս, շատ եւ շատ լուրջ է», եզրափակած է Թուսք:

Լեհաստանի մէջ Եւրոպական Միութենէն հաւանական դուրս գալու հարցը կանոնաւոր կերպով կը քննարկուի այն բարենորոգումներու լոյսին տակ, որոնք կը քննադատուին Եւրոպայի կառոյցներուն կողմէ, գաղթականները ընդունելէ հրաժարելու եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավար, նախապէս Լեհաստանի վարչապետ Տանըլտ Թուսքի նկատմամբ քննադատական վերաբերմունքի ենթահողին վրայ: Այս հարցը ներկայիս ընդդիմադիր մեծագոյն կուսակցութեան` «Քաղաքացիական հարթակ»-ի հիմնախնդիրն է:

Նախորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կազմակերպած Հայ Գիրքի Համահայկական Ցուցահանդէսը Այս Տարի Եւս Իր Դռները Բացաւ Ընթերցասէր Հանրութեան Դիմաց

Յաջորդը

Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի. Խաշոկճին Սպաննուած Է Սէուտցի Գահաժառանգի «Աջ Ձեռք»-ի Ղեկավարած Խմբաւորման Կողմէ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.