Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Հրապարակած Է Իրանի Դէմ Նոր Պատժամիջոցներու Ամբողջական Ցանկը

Նոյեմբեր 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը հրապարակած է Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու ամբողջական ցանկը, որուն մէջ ներառուած են 50 դրամատուներ, ազգային օդանաւային ընկերութիւնը, նաւաշինութեան ոլորտի 200 ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ` որոշ նաւեր:

«Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ թէեւ ամերիկեան կողմը նախքան այս կը յայտարարէր, թէ «Իրանի դէմ երբեւէ սահմանուած ամէնէն խիստ պատժամիջոցներուն պատճառով իսլամական պետութենէն քարիւղի արտածման մակարդակը զերոյի պիտի հասցուի», սակայն նոր պատժամիջոցները չեն կրնար այդպիսի արդիւնք ապահովել:

Աղբիւրը կ՛աւելցնէ, որ պատժամիջոցներու ցանկին վրայ յայտնուած է նաեւ երկրի հիւլէական ուժանիւթի կազմակերպութիւնը: Սակայն այս հարցին մէջ Ուաշինկթըն երեք մեծ բացառութիւն կատարած է Ռուսիոյ օգնութեամբ կառուցուած «Պուշեր» հիւլէական կայանին, Արաքի ծանր ջուրի արտադրութեան հնոցի կայանին, ինչպէս նաեւ Ֆորտուի մէջ իւրանիոմի հարստացման ստորերկրեայ նախկին գործարանին համար:

Նշենք, որ «Ինթըրֆաքս» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ ատիկա ժամանակաւոր միջոց է, որ կ՛արտօնէ վերահսկել Թեհրանի` հիւլէական ծրագիրին առնչուած գործողութիւններուն:

«Մենք համաձայն ենք չտարածելու դրութեան հետ կապուած նախագիծերու շարունակման Արաքի, Պուշերի եւ Ֆորտուի մէջ` առաւելագոյն խիստ վերահսկողութեան պայմանով` թափանցիկութիւնը եւ Իրանի նկատմամբ գործող սահմանափակումները պահպանելու համար», ընդգծած է արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Պատժամիջոցներու ցանկը ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն` անգամ մը եւս ընդգծելով, որ անոնք երբեւէ Իրանի դէմ հաստատուած խստագոյն սահմանափակումներն ու արգելքներն են:

«Մեր նպատակն է այս պատժամիջոցներուն միջոցով այնպէս ընել, որ իրանեան վարչակարգը ետ կանգնի իր որդեգրած յեղափոխական ուղիէն: Իրանեան վարչակարգը տակաւին ընտրութեան կարելիութիւն ունի. անիկա կա՛մ կրնայ 180 աստիճան շրջադարձ կատարել եւ վարուիլ բնական երկրի պէս, կա՛մ արտօնել, որ տնտեսութիւնը «ճեղքուի», ըսած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:

Փոմփէօ աւելցուցած է, որ պատժամիջոցները չեն ներառեր Իրանի տրամադրուող մարդասիրական օժանդակութիւնը, սակայն փորձագէտները հակադարձած են` նկատելով, որ Իրանի ելեւմտական համակարգին դէմ պատժամիջոցները այն աստիճան խիստ են, որ բացասաբար պիտի անդրադառնան Իրանի հետ որեւէ տեսակի առեւտրական կապի վրայ:

Բացի ատկէ, Ուաշինկթըն պատժամիջոցներ սահմանած է բոլոր այն իրանցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն դէմ, որոնք 2015-ին Թեհրանի եւ Վեցեակի միջեւ կնքուած պատմական համաձայնագիրէն ետք ազատած էին նախապէս Արեւմուտքի սահմանած պատժամիջոցներէն:

Կը նշուի, որ պատժամիջոցները վերջ պիտի տան այն բոլոր տնտեսական արտօնութիւններուն, որոնք Միացեալ Նահանգները Թեհրանին տուած էին հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրի կնքումէն ետք: Պատժամիջոցները մեծ վնաս պիտի պատճառեն երկրին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող եւ եկամուտի հիմնական աղբիւր ծառայող քարիւղային արդիւնաբերութեան:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Եւրոպական Միութիւնը կը փորձէ մշակել այնպիսի ելեւմտական մեքանիզմներ, որոնք եւրոպական ընկերութիւններուն կարելիութիւն պիտի տան շրջանցելու ամերիկեան պատժամիջոցները եւ շարունակելու Իրանի հետ առեւտուր կատարել:

Բայց եւ այնպէս, եւրոպական մեծ ընկերութիւններուն մեծ մասը, չսպասելով պատժամիջոցներու պաշտօնական սահմանումին, արդէն հեռացած է Իրանէն` վախնալով Իրանի հետ համագործակցութեան պատճառով կորսնցնել ամերիկեան շուկան:

Փոմփէօ նախազգուշացուցած է, որ ամերիկեան պատժամիջոցները պիտի տարածուին նաեւ այն արտասահմանեան ընկերութիւններուն վրայ, որոնք կը փորձեն խաբել Միացեալ Նահանգները եւ գաղտնի առեւտուր կատարել Իսլամական հանրապետութեան հետ:

 

 

Նախորդը

Էրտողան. «Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցները Սխալ Են, Եւ Զանոնք Պիտի Չյարգենք»

Յաջորդը

«Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Շուրջ Բանակցութիւնները Պէտք Է Դադրեցուին» Կ՛ըսէ Հան

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?