Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եակլանտ. «Պրեքզիթ»-ին Կրնայ Յաջորդել «Ռուքզիթ»-ը»

November 10, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտնած է, թէ գոյութիւն ունի Ռուսիոյ` Եւրոպական խորհուրդէն դուրս գալու վտանգը` «Պրեքզիթ»-ի օրինակով զայն անուանելով «Ռուքզիթ»: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

«Գոյութիւն ունի այն իսկական վտանգը, թէ Եւրոպան պիտի բախի ո՛չ միայն «Պրեքզիթ»-ի, այլ նաեւ «Ռուքզիթ»-ի խնդիրին», ըսած է ան` Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Թիմօ Սոյնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

Նախապէս հաղորդուած էր, որ Ռուսիան կրնայ դուրս մնալ Եւրոպական խորհուրդի կանոնադրական մարմիններու անդամ պետութիւններու շարքէն, եթէ մինչեւ յաջորդ տարուան կէսերը չսկսի համապատասխան վճարումներ կատարել կառոյցի պիւտճէին:

Եակլանտ մանրամասնած է, որ Ռուսիան ինքն իրեն կ՛արտօնէ տեւաբար անհրաժեշտ վճարումներ չկատարել, ինչն ալ իր կարգին իրաւունք կու տայ այդ երկրին դէմ պատժամիջոցներ կիրարկելու:

Եակլանտ յիշեցուցած է, որ յունիս 2019-ին պիտի աւարտի Ռուսիոյ կողմէ միջազգային կառոյցի պիւտճէին կատարուած վերջին վճարման պահէն ի վեր երկամեայ ժամկէտը: Եւ եթէ Մոսկուան նոր վճարում չընէ, ապա կրնայ դադրեցնել իր աշխատանքը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ:

Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին ըսած է, որ Ռուսիան` իբրեւ կառոյցի անդամ երկիր, պարտաւոր է վճարումներ կատարել, հակառակ պարագային` պիտի չկարենայ օգտուիլ անդամակցութեան արտօնութիւններէն:

Ռուսիոյ եւ Եւրոպական խորհուրդի յարաբերութիւնները կը գտնուին բարդ վիճակի մէջ: Լարուածութիւնը սրած է 2014-2015 թուականներուն, երբ ռուս երեսփոխաններէն մէկ քանին զրկուած են շարք մը իրաւունքներէ` Խրիմի հարցին մէջ իրենց դիրքորոշումին պատճառով:

Մոսկուան յայտարարած է, որ այս պայմաններուն մէջ աշխատիլը անկարելի է, եւ դադրեցուցած է ԵԽԽՎ-ի նիստերուն իր մասնակցութիւնը, որմէ ետք Եւրոպական խորհուրդը ո՛չ միայն չէ ջնջած Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները, այլեւ նորերը հաստատած է:

Յունիս 2017-ին Մոսկուայի եւ Սթրազպուրկի միջեւ տագնապը աւելի թէժացած է, Ռուսիան յայտարարած է, թէ մինչեւ ԵԽԽՎ-ի մէջ ռուսական պատուիրակութեան իրաւունքներուն լիարժէք վերականգնումը, Եւրոպական խորհուրդի պիւտճէին գումար պիտի չվճարէ:

 

Նախորդը

Բոլորս Աւետիս Գրիգորեանի Կողքին Ենք

Յաջորդը

Թրամփ Կը Խօսի Ֆլորիտայի Ընտրութիւններուն Մէջ Խարդախութեան Մեծ Գայթակղութեան Մասին

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.