«Չեմ Կարծեր, Թէ Թուրքիան Պիտի Վնասուի Իրանի Դէմ Պատժամիջոցներէն» Կ՛ըսէ Քուրթուլմուշ
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Նուման Քուրթուլմուշ յայտարարած է, թէ Իրանի դէմ 5 նոյեմբերին ուժի մէջ մտած ամերիկեան նոր պատժամիջոցները դժուար թէ մեծ վնասներ հասցնեն Թուրքիոյ տնտեսութեան: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Անցեալին արդէն համոզուած ենք, որ այդպիսի արգելքները քաղաքական տեսանկիւնէն իրենց նպատակին չեն հասնիր: Ակնյայտ է, որ այս պատժամիջոցները որեւէ արդիւնք պիտի չտան: Ասիկա...




















