Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Քաղաքականութիւնը, Սակայն Պիտի Պահպանէ Մոսկուայի Հետ Երկխօսութիւնը» Կ՛ըսէ Մոկերինի

November 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ Ռուսիոյ դէմ` Ուքրանիոյ կացութեան եւ 2014-ին Խրիմի կցման պատճառով հաստատուած պատժամիջոցներու քաղաքականութիւնը, սակայն պիտի պահպանէ Մոսկուայի հետ երկխօսութիւնը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան գերագոյն  յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` Մոնրէալի «Մաքկիլ» համալսարանին մէջ:

«Կը կարծեմ, որ պատժամիջոցները պիտի շարունակուին: Եւրոպայի մէջ կայ յստակ ըմբռնում այն բանին, թէ ուժի օգնութեամբ սահմաններու փոփոխութիւնը արգիլուած է եւ պէտք է արգիլուած մնայ, այլապէս մենք քանի մը դար ետ պիտի երթանք, իսկ ատիկա ոչ ոք կ՛ուզէ», ըսած է ան:

Մոկերինի նաեւ յայտարարած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ «օժանդակութիւն եւ աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ»: Ան ընդգծած է, որ Պրիւքսելն ու Մոսկուան առաջուան նման կը պահպանեն երկխօսութիւնը:

«Մենք կը պահպանենք երկխօսութիւնը անվտանգութեան, հիւլէական զէնք չտարածելու հարցերուն, Միջին Արեւելքի եւ Արքթիքայի կացութեան շուրջ: Կան նիւթեր, որոնց շուրջ մենք ընդհանուր ըմբռնում չենք գտներ, օրինակ` Սուրիոյ հարցին մէջ, սակայն մենք կը շարունակենք հաղորդակցիլ», ըսած է Մոկերինի:

Լաւրով Նշած Է Հակառուսական Պատժամիջոցներու Պատճառով Եւրոպական Միութեան Կրած Կորուստն
Ու Եւրոպական Միութեան Դէմ Ռուսիոյ Սահմանած Պատժամիջոցներու Ջնջման Պայմանները

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով սպանական «Էլ Փայիս» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, թէ հակառուսական պատժամիջոցներու պատճառով Եւրոպական Միութիւնը, որոշ տուեալներու համաձայն, աւելի քան 100 միլիառ եւրօ կորսնցուցած է: Միեւնոյն ժամանակ, նախարարը ընդգծած է, թէ ո՛ր պարագային Ռուսիան պատրաստ է ջնջելու Եւրոպական Միութեան դէմ հաստատած իր պատժամիջոցները:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, շատ կարեւոր է, որ եւրոպացի քաղաքական գործիչները իրենք հասկնան սեփական կորուստները:

«Պատժամիջոցներուն պատճառով Եւրոպական Միութեան կրած կորուստներուն վերաբերեալ տուեալները տարբեր են, եւ անոնցմէ ոմանց համաձայն, խօսքը կը վերաբերի 100 միլիառ եւրոն զգալիօրէն գերազանցող գումարի», յայտարարած է Լաւրով` աւելցնելով, որ «անհեռատեսական» հակառուսական պատժամիջոցները սահմանուած են «Ուաշինկթընի անմիջական հրահանգով», սակայն ամերիկացիները այդ քայլէն վնաս չեն կրեր:

Միեւնոյն ժամանակ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է ջնջելու Եւրոպական Միութեան դէմ իր սահմանած պատժամիջոցները, եթէ եւրոպական կողմը եւս այդպիսի քայլի դիմէ:

Լաւրով յիշեցուցած է, որ ռուսական կողմը «բազմիցս» յայտարարած է պատժամիջոցները ջնջելու պատրաստակամութեան մասին, սակայն «այս ուղղութեամբ առաջին քայլը պէտք է կատարէ ինքնին Եւրոպական Միութիւնը»: Նախարարը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ պատժամիջոցները ձեռնտու չեն թէ՛ ռուսական կողմին, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան, ուստի ինք յոյսով է, որ «ի վերջոյ այս հարցին մէջ պիտի յաղթէ ողջմտութիւնը»:

Նախորդը

Լոնտոնի Մէջ Դատարանի Որոշումով Ձերբակալուած Է Ազրպէյճանցի Զամիրա Հաճիեւան

Յաջորդը

Անգարա Կ՛ողջունէ ՔԱԿ-էն Ղեկավարներ Հետապնդելու Ուաշինկթընի Որոշումը

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.