Սպիտակ տունը բռնագրաւած է «Սի.Էն.Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի թղթակից Ճիմ Աքոսթայի արտօնագիրը մէկ օր առաջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողին եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջեւ տեղի ունեցած ջղային բանավէճէն ետք: Լրագրողներու միջազգային միութիւնը դատապարտեց եւ անընդունելի նկատեց այդ արարքը: Սպիտակ տան լրագրողներու միութիւնը իր կարգին դատապարտեց արարքը:
Անդրադառնալով Հարաւային Ամերիկայէն Միացեալ Նահանգներ ուղղուող գաղթականներու կարաւանին, լրագրողը Թրամփին հարցուցած էր, թէ արդեօք ան չէ՞ շահարկած գաղթականներու խնդիրը նախընտրական արշաւի ընթացքին:
Երբ Թրամփ այդ տեղեկութիւնը հերքած է եւ ըսած, թէ կ՛ուզէ, որ գաղթականները մուտք գործեն միայն օրինական ճամբով, լրագրողը շարունակած է նիւթը` ըսելով. «Այդ գաղթականները հիմա հարիւրաւոր քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ են, անոնց կարաւանը կարելի չէ անուանել ներխուժում»:
Ատկէ ետք Թրամփ ըսած է` «բաւ է այլեւս», եւ պահանջած, որ լրագրողը յանձնէ բարձրախօսը:
Սպիտակ տան աշխատակցուհին փորձած է առնել խօսափողը, սակայն լրագրողը չէ զիջած եւ ձեռքով հեռացուցած զայն:
Աւելի ուշ, Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Սառա Սանտըրս յայտարարած է. «Բացարձակապէս անընդունելի է, երբ լրագրողը ձեռքով կը դպչի եւ կը հրէ իր աշխատանքը կատարող երիտասարդ աշխատակցուհին»:
Աքոսթա «Թուիթըր»-ի վրայ «սուտ» որակած է Սանտըրսի յայտարարութիւնը: «Սի.Էն.Էն.» պաշտպանած է իր թղթակիցը` յայտարարելով. «Անոր մամլոյ արտօնագիրը խլած են սուր հարցումներ տալու պատճառով»:
«Սի.Էն.Էն.» նաեւ Սառա Սանտըրսը մեղադրած է Աքոսթայի կեցուածքին մասին սուտեր տարածելու համար:
Վերլուծաբանները կը նշեն, որ այդ մամլոյ ասուլիսով արձանագրուեցաւ Թրամփի եւ լրագրողներու յարաբերութիւններուն մէջ նոր անկում մը:
Թրամփ Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններու արդիւնքը կոչած է «հանրապետականներու համար մեծ յաղթանակ, որ ձեռք բերուած է զարհուրելի եւ թշնամական մամուլի ճնշումի պայմաններուն մէջ»:



