Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Միջանկեալ Ընտրութիւններ. Դեմոկրատականները Կազմեցին Ներկայացուցիչներու Տան Մեծամասնութիւնը

November 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ապահովեց Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութիւնը` հարուած մը հասցնելով նախագահ Տանըլտ Թրամփին:

8 տարիներ ետք, Քոնկրեսի ստորին պալատի վերահսկողութիւնը ստանձնելով, դեմոկրատականները պիտի կարենան արգելակել նախագահին օրակարգը: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Երեքշաբթի օր տեղի ունեցած ընտրութիւնները կը նկատուէին վիճելի նախագահի մը շուրջ հանրաքուէ մը: Ընտրութիւններուն արդիւնքը կը վերահաստատէ Սպիտակ տան չվերահսկող կուսակցութեան մը Քոնկրեսի միջանկեալ ընտրութիւններուն շահ ապահովելու պատմական երեւոյթը:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատականներու ղեկավար Նենսի Փելոսի, որ պիտի ստանձնէ Քոնկրեսի ստորին պալատին նախագահութիւնը (ան այդ պաշտօնը վարած է 2007-էն 2011), Ուաշինկթընի մէջ համակիրներու առջեւ յայտարարեց. «Շնորհիւ ձեզի, վաղը Ամերիկայի մէջ նոր օր մը պիտի ըլլայ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կեդրոնացաւ Ծերակոյտի ընտրութիւններու արդիւնքին վրայ եւ «Թուիթըր»-ի վրայ ինքզինք գովելով նշեց. «Վերջին 105 տարիներուն ընթացքին միայն 5 անգամ պատահած է, որ գործող նախագահ մը միջանկեալ ընտրութիւններու ընթացքին Ծերակոյտին մէջ յաւելեալ աթոռներ ապահոված է: Պարոն Թրամփը կախարդական բան մը ունի: Այս անձին կախարդանքը ականջներէն կը հոսի: Ան հոյակապ քուէներ ապահովող եւ ընտրապայքար մղող մըն է»:

Առաջին Անգամ Ըլլալով Արձանագրուած Արդիւնքներ

Միշիկըն նահանգէն ծագումով պաղեստինցի Ռաշիտա Թլէյպ եւ Մինեսոթա նահանգէն ծագումով սոմալցի Իլհան Օմար դարձան առաջին իսլամները, որոնք Ներկայացուցիչներու տուն մուտք կը գործեն, Օմար նաեւ առաջին լաչակ կրող քոնկրեսականն է:

Քանսաս նահանգէն Շարիս Տէյվիտզ եւ Նիու Մեքսիքոյէն Տեպրա Հաալանտ առաջին բնիկ ամերիկացի կիներն են, որոնք մուտք կը գործեն Ներկայացուցիչներու տուն: Իսկ Ապի Ֆինքընաուր եւ Ալեքսանտրիա Օքասիօ-Քորթեզ ամէնէն երիտասարդ կիներն են, որոնք մուտք կը գործեն Քոնկրես: Անոնք 29 տարեկան են:

Քոնկրես Մուտք Գործած Հայ Թեկնածուներ

Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը իր դիմատետրեան էջին վրայ կը նշէ, որ խումբ մը հայեր մուտք գործած են Քոնկրես: Անոնք են` Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթ, Էնթընի Պրինտիզի, Աննա Էշու եւ Ճեքի Սփայըր:

Խօսելով Մէյն նահանգի Ուեսթպրուք քաղաքէն առաջադրուած դեմոկրատական Աննա Աստուածատուրեանի մասին` Ամերիկայի Հայ դատի գրասենեակը կը նշէ. «Աննա Պաքուի ջարդերուն պատճառով իր ընտանիքին հետ փախուստի դիմած տեղահանուած է, որ Արցախի անկախութեան հարցով միջազգային յարգանք վայելող փաստաբան է: Աննան երկրորդ անգամ ըլլալով Քոնկրեսի անդամ կ՛ընտրուի»:

Նիւ Եորքէն առաջադրուած դեմոկրատական Էնթընի Պրինտիզի, որ ընտրուած է Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ժառանգորդ է: Անոր նախնիները ծնած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, իսկ Ցեղասպանութեան ժամանակ հասած են Հալէպ: Ան ընդգծած է, որ անհամբեր կը սպասէ ամերիկահայ համայնքին եւ Քոնկրեսի ամերիկահայ ներկայացուցիչներուն հետ աշխատելու, հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու առաջնահերթութիւններուն յառաջխաղացումով, նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով զբաղելու կարելիութեան:

Կայքը կը նշէ նաեւ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն մէկ մասը ընտրուած է: Հայամէտ դիրքորոշում ունեցող թեկնածուներէն Ծերակոյտ մուտք գործած է Պապ Մենենտես: Ներկայացուցիչներու տուն մուտք գործած են` դեմոկրատականներ Փիթըր Վիսքլոզքին, Ճիմ Պենքըսը, Անտրէ Քարսընը, Ճոն Եարմութը, ինչպէս նաեւ հանրապետական Կուս Պիլիրաքիսը եւ աւելի քան տասը թեկնածու:

Նշենք, որ Քոնկրեսի անդամ ընտրուած է նաեւ Ֆլորիտա նահանգէն ծագումով լիբանանցի դեմոկրատական Տոնա Շլելան:

 

Նախորդը

Անգարա Կ՛ողջունէ ՔԱԿ-էն Ղեկավարներ Հետապնդելու Ուաշինկթընի Որոշումը

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Կը Փորձեն Խաբել Թուրքիան» Կ՛ըսէ Քալըն

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.