Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան նշեց. «ՏԱՀԵՇ կազմակերպութեան առնչակից երկու հազար անձ ձերբակալեցինք, 7 հազար հոգի երկրէն վտարեցինք եւ 70 հազար անձի արգիլեցինք մուտք գործել մեր երկիր»:
«Թուրքիան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ժամանակաշրջանին պատմութեան մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, աւազակախումբերուն, թմրեցուցիչի վաճառականներուն եւ հասարակական կարգի խախտման ձգտող բոլոր տեսակի արարքներուն դէմ պայքարին մէջ ամէնէն յաջող արդիւնքները արձանագրեց», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Իրանի դէմ հաստատուած (ամերիկեան) պատժամիջոցները սխալ են, եւ անոնց յանձնառու պիտի չդառնանք: Ատիկա (պատժամիջոցներու հաստատումը, «Ա.») քայլ մըն է, որ պիտի քայքայէ աշխարհի մէջ հաւասարակշռութիւնը եւ կը հակասէ միջազգային օրէնքներուն, իսկ մենք չենք ուզեր կայսերապաշտական աշխարհի մէջ ապրիլ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց, որ «Իրանը մեկուսացնելը վտանգաւոր է»` աւելցնելով. «Իրանցի ժողովուրդը պատժելը անարդար է»: Ան նշեց. «Միացեալ Նահանգներու որդեգրած միակողմանի քայլերը կ՛ազդեն ամբողջ աշխարհի վրայ, ներառեալ Թուրքիան»:



