Թուրքիոյ Մէջ. Իտլիպի Հարցով Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ֆրանսայի Եւ Գերմանիոյ Ղեկավարներու Նոր Հանդիպում
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ այդ հարցին լուծման համար ուղիներ գտնելու նպատակով հանդիպում պիտի ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Մոսկուան իր համաձայնութիւնը յայտնած է Իտլիպի հարցով 4 երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ...




















