Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Քերչի նեղուցին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները դատապարտող բանաձեւ մը որդեգրած է, Հանրապետական կուսակցութենէն Ռոն Ճոնզի եւ Դեմոկրատական կուսակցութենէն Քրիս Մըրֆիի ներկայացուցած բանաձեւը որդեգրուած է միաձայնութեամբ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Տը Հիլ» օրաթերթը:
Քուէարկութենէն ետք, Ճոնզ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այդպիսի քայլերով «կը փորձէ Արեւմուտքը»: Ըստ ծերակոյտին, այս բանաձեւով իրենք հաստատեցին իրենց պատրաստակամութիւնը աջակցելու ուքրանացի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան:
Մըրֆի իր կարգին շեշտած է, որ այսպիսով Ծերակոյտը ցոյց տուաւ, որ պիտի չհանդուրժէ Ազովի ծովուն մէջ Ուքրանիոյ դէմ յարձակումը:
«Ասիկա ուղերձ է Փութինին, որ Ազովի ծովուն մէջ Ուքրանիոյ դէմ յարձակումը պիտի չհանդուրժուի», ըսած է ծերակուտականը` շեշտելով, որ իրենք խստօրէն կը դատապարտեն Ռուսիոյ որեւէ ռազմական գործողութիւն, որ ուղղուած է «միջազգային արժեչափերու միակողմանի փոփոխութեան»:
Ըստ բանաձեւի հեղինակներուն, ասիկա նաեւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած կոչ է` Քերչի նեղուցին մէջ Ռուսիոյ գործողութիւնները միասնաբար դիմագրաւելու համար:



