Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Արժանթինի մէջ Քսաններու խմբակի վեհաժողովի ծիրին մէջ իրենց 50 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպումին ընթացքին քննարկած են Մընպեժի շուրջ համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ հարցեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ը:
Էրտողան 1 դեկտեմբերին Պուէնոս Այրեսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներու հետ մեր յարաբերութիւնները հիմնուած են ռազմավարական գործընկերութեան վրայ: Իբրեւ երկու ռազմավարական գործընկերներ, առիթը ունեցանք քննարկելու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Եփրատի արեւելեան ափին վրայ եւ Մընպեժի մէջ արձանագրուող զարգացումները: Նաեւ առիթը ունեցանք խօսելու Իտլիպի մասին, սակայն մեր գլխաւոր օրակարգը Մընպեժն է: Քննարկեցինք Մընպեժը այդ (Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ) կազմակերպութենէն ձերբազատելու միջոցները եւ վերահաստատեցինք Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներ/Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան վերաբերեալ մեր տեսակէտը»:
Էրտողան վերահաստատած է ահաբեկչական խմբաւորում մը ոչնչացնելու համար մէկ այլ ահաբեկչական խմբաւորումի հետ գործընկերութիւն հաստատելու Միացեալ Նահանգներու ընտրանքին նկատմամբ Թուրքիոյ յուսախաբութիւնը: «Իբրեւ Թուրքիա, ահաբեկչութեան վերաբերեալ այս երկակի չափանիշներուն ականատես դարձանք թէ՛ մեր երկրին, թէ՛ ալ մեր դրացի Սուրիոյ մէջ», ըսած է ան:
«Եփրատի արեւելեան ափը պիտի փրկենք անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան բռնագրաւումէն եւ բռնութենէն, ճիշդ ինչպէս փրկեցինք անոր արեւմտեան ափը: Այս հարցերուն մէջ մեր դաշնակիցներէն անկեղծութիւն կ՛ակնկալենք եւ ոչ թէ երկակի չափանիշներ», յայտարարած է Էրտողան:
«Ահաբեկիչներ, որոնք Թուրքիոյ մէջ կը գործեն, քաղաքայիններ կը սպաննեն, ահաբեկչութեամբ կը զբաղին, քաղաքական ապաստանեալի անուան տակ ազատօրէն կը շրջին արեւմտեան երկիրներուն մէջ եւ նոյնիսկ նուիրատուութիւն կը հաւաքեն», յայտնած է Թուրքիոյ նախագահը` ակնարկելով Ֆեթհուլլա Կիւլենի համակիրներուն:
«Մեր ժողովուրդէն 250-ը սպաննելով յեղաշրջման փորձ կատարած ՖԵԹՕ-ի (Կիւլենի կազմակերպութեան, «Ա.») համակիրները կը պաշտպանուին կարգ մը երկիրներու կողմէ, հակառակ անոնց ներկայացուցած մեր բազմաթիւ ապացոյցներուն», ըսած է ան` յոյս յայտնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի փոխեն իրենց դիրքորոշումը եւ արտայանձնեն Կիւլենը:
Էրտողան Թրամփի հետ քննարկած է նաեւ թրքական «Հալքպանք» դրամատան դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք հաստատուած են 2012-2015-ին Իրանի դէմ որդեգրուած ամերիկեան պատժամիջոցները խախտելուն համար:
Դրամատան նախկին փոխտնօրէն Հաքան Աթիլլա այդ հարցով դատապարտուած է:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Թրամփի հետ իր հանդիպումէն առաջ Էրտողան նաեւ զրուցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:



