Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ստեղծուած կացութեան եւ այդ հարցին լուծման համար ուղիներ գտնելու նպատակով հանդիպում պիտի ունենան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Մոսկուան իր համաձայնութիւնը յայտնած է Իտլիպի հարցով 4 երկիրներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ երկրորդ քառակողմ վեհաժողովին մասնակցելու:
Փեսքովի համաձայն, այս վեհաժողովը ամենայն հաւանականութեամբ նոյնպէս պիտի գումարուի Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ ատոր ձեռնարկողը սկիզբէն եղած է Թուրքիոյ նախագահը:
Ըստ տեղեկութեան, վեհաժողովին մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Գերմանիան:
Չորս երկիրներու ղեկավարներու Իտլիպի հարցով նախորդ հանդիպումը տեղի ունեցած էր 27 հոկտեմբերին, Պոլսոյ մէջ:



